Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/167

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յոց առած մի կայ՝ կասէ. «Ես աղա, դուն աղա, մեր աղուն ո՞վ կաղայ»։ Այո՛, ծառան եւ ջաղացպան պէտք է աւուր պատրաստեն, որպէսզի աղան կարենայ առանց ջաղաց երթալու հաց ուտել։

Աշխարհիս ժողովուրդին ամենամեծ մասն՝ բանւոր, գործաւոր, մշակ եւ ծառայ են, որոց թափած քրտինքին արդիւնքն է, որ աշխարհ կը կերակրէ. նախախնամութեան յաւիտենական օրէնք մարդկային ընկերութեան կեանքն այնպէս կարդացրած է, որպէս զի մարդիկ իրարմով ապրին։ Դուք կը տեսնաք ձեր աչքով եւ փորձով գիտէք, որ մեր գիւղական կեանքն էլ անհաւասար է. զի մէկ մասն հողատէր ու տանուտէր է, մասն մի եւս վարձկան մշակ է, որ իւր դառն քրտանց աշխատութիւն՝ խիստ սակաւ վարձքի հետ կը փոխարինէ։ Չլինի որ ձեր մշակներու վարձ կտրէք, կամ ձգձգէք այսօր չէ վաղն, Տէր Աստուած կը պատուիրէ, որ վարձկան մշակին վարձն մի նշել իրիկուն չի մնայ, այսինքն, օրն չանցնի վրան, վասն զե հնձող մշակներու բողոքն մինչեւ երկինք հասնելով, Աստուած Եսայի մարգարէին բերնով կը յանդիմանէր Իսրայէլի հողատէր տանուտերեր։ Չարաչար խստութեամբ մի վարուէք մշակներու հետ։ Ես տեսայ որ ոմանք չափէն աւելի կը տանջէին, կը հայհոյէին եւ կը կռփէին զիրենք, զրկանք եւս հասցնելով, դիտէք, թէ մշակներուն տէր դուք չէք, Աստուած է, որ վրէժ խնդիր կը լինի եւ ղրկեալներուն դատաստան կը տեսնայ։ Որչափ քաղցրութեամբ ու արդարութեամբ վարուիք հողագործ մշակներուն հետ, այնչափ լաւ եւ շահաւոր է ձեզ համար. էն ժամանակ նոքա աւելի տիրասէր ու հաւատարիմ կը լինին, եւ սրտի մտօք կաշխատին, որով հողագործութեան արդիւնք՝ շատ շահաբեր կը լինի տիրոջ համար։

Տանուտէր եղբայրներ, չը լինի որ դուք ազատ աշխատաւոր մշակներն իբրեւ անարգ ստրուկ համարելով՝ արհամարհ կերպով վարուիք նոցա հետ. դուք եկեղեցի կերթաք, Աւետարանին մտիկ կանէք, միթէ չգիտէ՛ք եւ չէ՞ք հասկցեր, որ Յիսուս իւր բոլոր հաւատացեալներ մեծ ու փոքր, հարուստ ու աղքատ, իշխան եւ ժողովուրդ, տէր եւ ծառայ, ամէնքը հաւասարապէս մի սիրոյ եղբայրութիւն կազմելով, ասաց այս բան. «Դուք ամենքին եղբայր էք»։

Այս խօսքով չէ թէ Յիսուս մարդկային ընկերութեան իւրաքանչիւր դասակարգի կամ աստիճանի պատիւն ու յարգանք կեղ¬