Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/168

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծանէ, ո՛չ. Պօղոս Առաքեալ Քրիստոսի այս խօսքն բացատրելով կուսուցանի մեզ, որ մեք իւրաքանչիւր մարդոց աստիճանին համեմատ՝ տանք մեր պատիւն ու յարգանք եւ բարոյապէս։ Աւետարանի սիրոյ պարտք անխտիր է, պէտք է իւրաքանչիւր մարդ ինչ դիրքի եւ աստիճանի մէջ կը լինի՝ թող լինի, պարտաւոր է հատուցանել իւր ընկերին։ Բայց արտաքին պարտքերու համար էլ Յիսուս վճռաբար ասաց ու կատարեց, «Տուք զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն՝ Աստուծոյ»։

Կարգն եկաւ, խօսիմ ձեզ, գիւղացի եղբայրներ, պարտաճանաչ եղէք, եւ միշտ հաւատարիմ կացէք ձեր պարտքեր վճարելու, ում որ կը լինի։ Սակայն առաջին անհրաժեշտ մեծ եւ ամենակարեւոր պարտք հպատակ ժողովուրդին համար՝ տէրութեան պարտքերն են որուն պարտական է երկրին ժողովուրդ, քաղաքացին եւ գիւղացին վճարել ճշդութեամբ եւ հաւատարիմ երկիւղածութեամբ: Յանցաւոր է այն մարդ, ոչ միայն երկրին օրինաց առաջ, այլ նաել Աստուծոյ յայտնած պատուէրներուն առաջ, եթէ նենգէ ու խարդախէ այս պարտուց մէջ։

Աշխատեցէք միշտ տէրութեան տրոց պարտքերն ճշդութեամբ վճարել, եւ ժամանակին վճարել. մի թողնէք որ դիզանայ եւ ծանրանայ ձեր վերայ, եւ յետոյ պարտաւորիք ինչ որ ունիք ծախել ու վճարել տուրքն։ Եւ ի՞նչ ունիք դուք, հող եւ լծկաններ. եթէ ծախէք՝ ձեր կեանք կը ծախէք, եւ կենդանւոյն կը մեռնիք թշուառութեան մէջ:

Մեր գիւղի աղքատներ ձեզ կը յանձնարարեմ, բարեսիրտ տանուտէրներ, տէրութեան տրոց բաշխումն ուղիղ եւ արդար սրէք, թեթեւ դրէք չքաւոր տներուն բեռն, դուք որ կարող էք, ձեր վերայ առէք աղքատներուն բեռն. գիտցէք, ով որ ընկերին լեռն բառնայ, կը կատարէ նա սիրոյ պատուիրանին մեծ օրէնք։

Տէրութեան տրոց պարտքէն յետոյ, գիտեմ, քաղաքացւոց էլ շատ պարտք ունին մեր գիւղացիք, շատ անբախտ են նոքա, որք հողեր ծախելով իրենց պարտքեր վճարեցին, եւ ոմանք էլ արտեր գրաւ դնելով՝ պարտք պարտքի վերայ կը յաւելուն ծանր-ծանր տոկոսներով, որոց վախճան շատ ձախորդ ու դառն է, զի վերջ-վերջ չը պիտի կարողանան վճարել եւ էն ժամանակ պարտապահանջ իրաւունք պիտի ունենայ գրաւել ձեր արտերն։

Ուստի խրատ կուտայ ձեզ Պապիկ, աշխատեցէք նախ, որ պարտք չանէք. իսկ երբ նեղութիւն եւ անձկութիւն կը տիրէ վե-