րայ եւ դուք անճարակ կը լինիք եւ պարտք կանէք, աշխատեցէք շուտով վճարել քիչ պարտքն, քանի չէ էվելցեր: Պարտուց գործին մէջ միշտ հաւատարիմ եղէք, թէ առնելու եւ թէ տալու Ժամանակ բնաւ նենգութիւն մի գործէք, ուղղութեամբ վարունցէք եւ ուղիղ արէք ձեր հաշիւներ, գիտցէք որ, գիւղացի ժողովուրդին վարկ ու պատիւ իւր հաւատարմութեան վերայ է. ով որ նենգէ եւ ուրացութիւն անէ, էլ այնուհետեւ նորա վարկն ու պատիւ կը մեռնի քաղաքացւոյն առաջ. ում որ դիմէ եւ աղաչէ՝ կարող չէ փոխառութիւն անել։ Ասացէք. Պապիկ, դու չե՞ս ճանաչեր քո գեղացին, որ գիր ու հաշիւ չի գիտեր. ինչպէ՜ս կարելի է իւր հաշիւ գիանաւ ու պահել. նա միայն անգիր, անթուղթ մտահաշիւ ունի, սորա համար շատ անգամ կը մոռնայ եւ ուրացութեան կը դիմէ։
Շատ ըղորդ է այդ բան, կը խոստովանիք դուք ձեր բերնով. ես էլ կը վկայեմ ձեզ հետ, որ գիւղացւոց տուն քանդող եւ միակ մեծ պատճառն այն է, որ ինքն դիր ու հաշիւ չը գիտէ։ Մեր կեանքի տնտեսութիւն՝ պէտք է գրով ու հաշուով լինի, որովհետեւ մարդոյս միտք մոռացկոտ է, այս աւուր բան վաղը կը մոռնայ. դիրն ու հաշիւ հնարուած է, որ մեր մտքի բան անմոռաց պահէ։ Ով որ գիր ու հաշիւ չունի, նորա տնտեսութիւն խանգարուած է, եւ ինքն իւր բոլոր առեւտուրի մէջ միշտ կը վնասի։ Շատ անգամ խօսած եմ ձեզ եւ այսօր վերջին անգամ՝ իբրեւ կտակ կաւանդեմ ձեզ իմ խրատներս։
Մեր գիւղի դպրոցին հոգ տարէք, որպէս զի ձեր տղաք կրթուին, գիր ու հաշիւ սորվին, դուք արդէն ժամանակն անցուցած էք, անհաշիւ ապրեցաք, անհաշիւ պիտի մեռնիր, գոնէ ձեր տղաքներն կրթուելով բանգէտ լինին, գիտնան իրենց կեանքի տնտեսութեան գործերն։ Երբ քաղքցին ամէն բան գրով ու հաշուով կը գործէ, ինչո՞ւ համար գիւղացին էլ քաղքցուն պէս հաշիւ չը գիտնայ։ Որչա՞փ ամօթ է գեղացւոյն համար, երբ խաբուի, սկսի տրտնջալ ու ասել թէ՝ քաղքցին զիս խաբեց եւ այլն։ Միթէ գիւղացին մարդ չէ՞, բանականութիւն չունի՞։ Այո՛, մեք էլ մարդ ենք, այլ մեր բանականութեան աչք՝ տգիտութեամբ փակուած է։ Մեք աչք ունիմք եւ իբրեւ կոյր կը շրջիմք աշխարհիս վերայ, սորա համար քաղքցին զմեզ անբան, անխելք կը համարի. ո՜հ, երբեմն աւելի նախատելով յիմար էլ կանուանէ։ Այս անտանելի նախատինք յաւիտեան չի բարձուիր