մեր վրայէն, քանի որ մեք կրթութիւն եւ ուսում չունիմք. եւ քանի որ մեր մտաւորական աչք բացուած չէ, մեք մոլորուած պիտի լինիմք աշխարհիս մէջ, եւ գիտէք դուք թէ մոլորուած մարդու կեանքի ճանապարհ թշուառութեան փշերով լի է, եւ վախճան դէպ ի կորուստ կը տանի։
Ուրեմն, սիրելի գիւղացիք, այս կորստեան ճանապարհէն ազատուելու համար, պէտք է մեզ համար անխոտոր ուղիղ ճանապարհ, եւ ի՞նչ է որ շիտակ ուղին կը բանայ մեր աչքին առաջ, այդ չէ թէ ցորեկուան արեւն է, գիշերուան լապտերն ու ճրագն է. ոչ, այդ աշխարհի լոյսեր բաւական չեն մեր կեանքիէն համար, եթէ մեք մտաւորական լոյս չունենամք, որ է ուսումն եւ կրթութիւն, զոր կստանայ մարդ իւր մանկական հասակէն։ Ուստի կրվեցեք ձեր մատաղ մանուկներն, որ մեծնան մարդ լինին, թող բացուի նոցա մտքին աչքը՝ իբրեւ կոյը չը շրջին աշխարհիս վերայ. կրթեցէք նաեւ ձեր աղջիկներ, որ խելացի տնտես եւ բարի մայրեր լինին, պէտք է գիտնաք որ տան շինութիւն, կարգաւորեալ տնտեսութիւն միայն կիներուն ձեռքով կը լինի։ Միթէ կինէր մարդ չե՞ն, հոգի ու միտք չունի՞ն. Տէր Աստուած կին՝ իբրեւ ամուսին տուաւ այր մարդուն, ոչ թէ միայն գաւակ ծնելու համար, հապա իբրեւ ընկեր եւ օգնական տուաւ, որ աշխատութեան մէջ գործակից լինի. մարդ դաշտին մէջ աշխատի, կինն էլ տան մէջ։ Դուք տեսե՞ր էք որ մէկ եզով հարօր բանի, այր եւ կին զոյգ լծակիցներ են. եթէ լաւ նկատենք, աշխատութեան մեծ բաժին կիներուն վերայ ծանրացած է. խեղճ կիներ իրենց ծնած զաւակներ սնուցանելէն յետոյ, որչափ ծանր ու դժուարին է առտնին տնտեսութեան այնչափ բաներ հոգալ. մտիկ արէք, որ մի առ մի շարեմ ձեզ գիւղացի կնիկներուն աշխատութեան գործերն։ Ամէն օր խմոր շաղղել, բարկ թոնիրին դիմաց հաց եփել, կերակուր պատրաստել, դաշտի մշակներուն հաց տանել, իրիկուն առաւօտ մատակներ, կովեր կթել, երթալ պէրատեղ ոչխարներ կթել, կաթնարարութեան գործեր տեսնալ, ծծում կամ տիկ զարնել, իւղ եւ պանիր շինել, հիւրեր հոգալ. շատ անգամ ախոռներ մաքրել, փթիր թխել, ամրոց շինել ձմրան համար վառելիք պատրաստել, բուրդ գզել, մտնել, գուլպա, թաթպան հիւսել եւ ուրիշ շալէ բաներ գործել, լւացք, կար ու կարկատ անել, երթալ դաշտեր, լեռներ ներկի ծաղիկներ ու արմատներ ժողվել, նախշուն կապերտներ գոր¬