ծել. Էլ ո՞ր մէկն ասեմ. կան տակաւին ուրիշ շատ գործեր, որ գեղացի կիներուն բաժին ինկած է. խեղճ կիներ անմռունչ հնազանդութեամբ այս ամէն աշխատութիւններն կը տանին։ Դուք գիտէք ու կը տեսնաք այս աշխատաւոր կիներէն ոմանք, իրենք խստաբարոյ եւ անխիղճ էրիկներէն չարաչար ծեծ կուտեն եւ հայհոյանքներ կը լսեն։
Գիտեմ, պիտի պատասխան տաք, է՞ Պապիկ, ի՛նչ բաներ կը խօսիք. մեք մեր անզգամ լեզուանի կիներն եթէ չը ծեծենք եւ չփետտենք, կարո՞ղ ենք զսպել. դուք խրատ կուտաք մեզ, որ աղջիկներն էլ մանչերուն պէս կարդալ սորվին։ Դու գիտե՞ս, ի՞նչ կը լինի էն ժամանակ, միտքերնին կը բացուի, լեզուանի եւ անզգամ կը լինին, ամէն բանին համարձակ պատասխան կուտան, իրենք բնական ամօթխածութեան քօղ կը պատռեն, հնազանդութեան լուծն կը կոտրեն. դու տես էն ժամանակ էրիկ կնկան կռիւ. տան խաղաղութիւն կը վրդովի, մեր հին նահապետական կարգն ու կանոն կը խանգարուի։ Մեք մեր պապերէն այնպէս սորված եմք, որ կիներ լուռ ու մունջ կենան։ Սորա համար մեր հարսներ սորված են եօթն տարի լեզուակապ մնալ տան մէջ, ոչ ոքի հետ չը խօսին, միայն իրենց ամուսիններու հետ խօսին, էն էլ ոչ թէ մարդոց առաջ, այլ առանձին։ Երբ մեր աղջիկներ կարդալ սորվին, յետոյ ամուսնանան հարս լինին, էլ անոնց լեզուն կը բռնուի՞. մանաւանդ թէ բանգէտ լինին, գիրքեր կարդալով աշխարհի բաներ իմանան. թող այս, շինականի աղջիկներ միթէ ժամանակ ունի՞ն, որ դպրոց երթալ կարդալ-գրել սորվին. մեր տան ու դաշտի գործեր ո՞վ պիտի տեսնայ։
Մեք Պօլիս երթալով գալով տեսեր ենք ու գիտենք, էդ Պօլսոյ կիներ երբ կարդալ-գրել սորվեցան, ամէնք ճարտար փաստաբան դարձեր են, խեղճ ամուսիններ գերի դարձեր են իրենց ձեռք. մինչե՝ւ անգամ կը համարձակին բողոք կուտան Հայոց Պատրիարքարանին եւ էրիկներ դատաստանի կը քաշեն։ Մեք այս բաներ տեսնելով, կը վախնամք. լաւ է որ կիներ տգէտ մնան ու հնազանդին մեզ։
Լաւ կը հասկանամ ձեր խօսքեր, սիրելի գիւղացիք, մտիկ արէք, որ պատասխան տամ։ Երսուն քառսուն տարի յառաջ ճխշդ խոստովանիմ, որ Պապիկն էլ ձեզ պէս կը մտածէր ու կը խօսէր, բայց երբ որ կարդալ սորվեցայ, գրքերու համն առի,