Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/172

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պանդխտութեան մէջ շրջելով՝ աղխարհի բաներ, փոփոխութիւններն աչքովս տեսայ, էլ այնուհետել սկսեցի մտածութիւններս փոխել, պէտք է գիտնաք, որ ժամանակ ամէն բան իւր հետ կը փոխէ։ Դուք ի՞նչ կր մտածէք, կուզէք որ հնութեան մէջ անփոփո՞խ մնայք։ Դուք եթէ այժմեան ձեր վիճակի մէջ մնաք, էնպէս անշարժ, ինչպէս լճացած ջուր՝ կենդանի գետերու վտակներու պէս յառաջ չերթաք, պիտի ցամքիք ու չորնաք տգիտութեան ու թշուառութեան մէջ. մարդ պէտք է ժամանակին հետ քալէ, ով որ ետ մնայ, հացի կարօտ կը լինի, պէտք է գիանաք որ աշխարհիս վրայ աւելի տգէտներն են, որ խեղճ ու թշուառ կեանք ունին։

Կար Ժամանակ, որ քաղաքացին ու գեղացին առ հասարակ տգէտ էին և տգիտութեան մէջ հաւասար կերպով կապրէին։ Այժըմ քաղաքացին յառաջ կերթայ իւր դպրոցներով, մանչ ու աղջիկ հաւասարապէս կը կրթուին. մեք գիւղացիք, եթէ ոչ քաղաքացւոց չափ, գոնէ փոքր ի շատէ ուսմունք սորվելով չը կրթուինք, էն ժամանակ մեք քաղքցւոց յառաջ ստրուկ կը լինինք վասն զի տգիտութիւնն է, որ մարդ ստրուկ, գերի կը դարձնէ, ահա սորա համար է, որ քաղաքացին յառաջ կերթայ, կը հարստանայ, իսկ գիւղացին ետ կը մնայ ու կը չքաւորի։

Դուք էնպէս կը կարծէք ու կը դատիք, որ երբ աղջիկներ գրել ու կարդալ սորվին, լեզուանի ու անզգամ կը դառնան, եւ այլ եւս իրենց բնական պատկառանք եւ համեստութիւն կը կորսնցնեն։ Ձեր այս դատաստանն շատ սխալ է. օրինակ մեր աչքին առաջն է, մեր բնակած գիւղ երկու հարիւր տունէն աւելի է. մեր գիւղին կիներն ամէնքն եւս հաւասարապէս տգէտ են, գրել կարդալ կգիտեն, դուք ի՛նչ կասէք, այդ ձեր ասած անզգամ եւ լեզուանի կիներ պակասեն միթէ։ Դուք չգիտէք դեռ թէ ամէն չարաբարոյութեան աղբիւր տգիտութիւնն է. եւ կիներու տգիտութիւն աւելի վնասակար է մի ընտանեկան գերդաստանին, քան թէ այր մարդոց։ Մտիկ արէք թէ ինչ կասէ Սողոմոն իմաստուն. «Իմաստուն կանայք շինեցին զտունս, իսկ անզգամք ձեռօք իւրեանց քակեցին», Դուք էնպէս կը կարծէք, որ տուն շինել, շէնցունել, պահել, միայն այր մարդիկ են, կիներ շինութեան համար ոչինչ նշանակութիւն չունին: Բայց պէտք է գիտնաք, որ տան շինութիւն ու լիութիւն կիներուն ձեռքն է։ Դուք դաշտի վաստակներ կը բերէք կը լեցնէք տուն, բայց եթէ