Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/173

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կին տգէտ ու յիմար լինի, չգիտնայ տուն կառավարել, չգիտնայ թէ ինչպէս պէտք է տան կարիքներն մատակարարել, չափով ու խնայութեամբ տնտեսել. էն ժամանակ կը տեսնաք դուք, որ տարուան պարէն, կէս տարուան մէջ կսպառի, ոչ ամբարին մէջ ալիւր կը մնայ եւ ոչ մառտնին մէջ իւղ, պանիր եւ այլ նպարեղէններ. վասն զի տնտեսելու համար խելք, իմաստութիւն պէտք է, եւ երբ տանտիկին անխելք է, տան շինութիւն կսկսի ներքին կողմէն քակուիլ։

Թողունք տան նիւթական շէնք եւ հացի տնտեսութիւն. մի տուն, կամ ընտանեկան գերդաստան շէն ու հաստատ լինելու համար, աւելի եւս բարոյական շէնք պէտք է, եթէ այդ շէնք չի պահպանէ տունն, շուտով կը փլչի նիւթական շէնք։ Եւ ի՞նչ է այն, որ տան բարոյական շէնք հիմէն սկսելով կը կառուցանէ, գիտէ՛ք, խօսիմ ձեզ, մայրենի կրթութիւն եւ խնամքն է. եւ ի՞նչպէս կարող է մի մայր կրթել իւր մատաղածին մանուկներն, երբ ինքն անկիրթ եւ տգէտ է։ Սորա համար է, որ չարաբարոյ կը լինին մեր մանուկներն. երբ մայրերն անմիտ են, այնչափ որ՝ իրենց ծնած զաւակներն անգամ կարող չեն սնուցանել: Այդ պատճառաւ է որ մեր զաւակներն մատաղ-մատաղ կը մեռնին։ Զարմանալի է, շատեր կը կարծեն թէ գիւղական ժողովուրդ աւելի բազմածին է ու կը բազմանայ։ Այս կարծիք շատ սխալ է. մեք կը տեսնամք որ ծնածներէն կէսն անգամ չի մնար. խեղճ տղայք իրենց մայրերու անկրթութեան զոհ կերթան։ Մեք իրաւունք չունինք մեղադրել այդ մայրերն. դուք կը կարծէք որ տղաքներն ծնել ու պահել դիւրի՞ն բան է. տղաքներ մեր դաշտերու ինքնաբոյս խոտեր չեն, որ ինքնին առանց դարմանի աճեն եւ զօրանան։ Մի միայն կրթուած մօր խնամքն է, որ գիտէ լաւ տածել ու սնուցանել իւր զաւակներն։

Մի այնպէս կարծէք եւ ասէ՛ք թէ կաթն ու հաց բաւական են տղայոց սնունդին համար, մեք կը տեսնամք որ թռչունք, անասունք, այսչափ միայն կը հոգան, երբ ձագերուն թելիկներ բուսնին՝ կը թռչեն իրենք զիրենք կը հոգան, նմանապէս որթիկներ, երբ կաթէն կտրուին՝ կսկսին դաշտն երթալ արածալ եւ իրենց ճարակ գտնել։

Է՜ սիրելի գիւղացիք, չգիտէք ուրեմն, թէ դուք բանաւոր մարդ էք, ձեր կեանք թռչնոց եւ անասնոց կեանքին հետ նմանութիէն չունի։ Տէր Աստուած Ադամայ անէծք տալով ասաց.