Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/184

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

է, եւ քո ընտանիքէն: Ուրեմն եթէ ստոյգ է եւ կզգաս դու թէ կը կորնչիս եւ թէ թշուառութեան օրերը մօտալուտ են, պիտի հասնին քեզ, եւ դու ամեն օր աչքիդ առաջ կը տեսնաս անկեալ ընտանեաց վշտագին տառապանքն: Այո՛, կը տեսնաս եւ տակաւին չես խելաբերիր. թողեր ես զքեզ վարեն ու տանին, եւ ո՜ւր, դու գիտե՜ս, ես կանխաւ ասացի քեզ, թէ ուր կը տանին:

Յո՜ւշ, յո՜ւշ, յետս դարձիր. թող տուր, մահ է, մի հպիր, ձեռներդ թօթափէ այդ զեղծմանց փոշիներէն. ընտանեկան սրահիդ սեմոց վրայ այս առած գրէ ԾԱՆԻՐ ԶՔԵԶ: Այդ իմաստուն առածը մի՛ մոռնար, կարդա՛ միշտ, չափ ու սահման դիր տնտեսական կառավարաթեանդ, հացդ չափով կեր, ջուրդ չափով խմէ, հանդերձդ չափով հագիր, թող Հայոց տիկնայք քառասուն կանգուն հազար թերթիկ շրջազգեստը տասն կանգունի փոխեն, որ բաւ եւ շատ է այնչափ մարդու հասկի վայելչութեան. զոր Արարիչը չափով ստեղծեր է: Թող այր մարդիկ իրենց սպրպիկ նեղ ձեւ հանդերձը փոքր ինչ ընդլայնեն, որ անձկութենէն չպատոի: Թող չափ դնեն դարձեալ ընտանեկան այն ամէն պէտքերուն. գիտնալով թէ պէտքերն անսպառ են, զորս օր ըստ օրէ կը հնարէ Եւրոպիոյ ձեռարուեստ հանճարը, եւ մարդուն ցանկութիւն եւ հաճոյքը անհուն անսահման են, եթէ չափ չի դնենք՝ մարդ մի անգէտ մանուկ է, կը վազէ միշտ դէպի սիրուն խաղալիքները:

Ուրեմն պէտք է խոհական ու կատարեալ մարդ լինինք. սանձ դնենք մեր մանկաստութեան. փորձաոութեամբ եւ մեծամեծ տուժերով տեսանք եւ կը տեսնամք մեր ընտանեկան բիւրաւոր աղէտները թէ նիւթապէս եւ թէ բարպապէս:

Ժամ հասաւ, խոստովանին քեզ. ով ազգ Հայոց, չորս տարուան Պատրիարքութեանս շրջանին մէջ, քո ընտանեկան բազմապատիկ աղէտները ես ինքնին տեսայ. եւ այդ աղէտներուն մէջ՝ առաւել աղէտաւոր էին ամուսնական խնդիրները, որք թէ ո՜րչափ եւ քանիպատիկ ծանրալուր են. ես կը ծածկեմ այդ թուանշանը եւ խնդրոց պատմութիւնը չեմ յայտներ քեզ: Եթէ կը դժուարիս հաւատալ՝ ինձ վկայ եւ ապացոյց կը կոչեմ աստ Պատրիարքարանի Դատաստանական Խորհրդոց արձանագիրը: Սակայն մեր ընտանեկան զեղծմունքներու բովանդակ ցանկը պէտք չէ որ միայն այդ արձանագրէն կշռենք, վասնզի մեր այս աւուր իւրաքանչիւրին ընտանեկան կեանքը կենդանի արձանագրութիւն է. մարդ որ աչք ունի՝ կարող է զայն կարդալ առտնին եւ հրապարակաց մէջ. ուր ցուցամոլ շռայլութիւն կը շրջի նազելով իբրեւ Անգլիացի լորտ եւ թագուհի, կարծելով թէ իւր հարստութիւն՝ Անգղիոյ անսպառ ոսկին է:

Ո՛չ, ո՛չ: Այնպէս մի՛ կարծէք, ո՛վ Հայոց ընտանիք, ճանչցէք ձեր չափն ու վիճակը, դուք շատ աղքատ էք ոսկւով ու մտքով, աղքատ էք դաստիարակութեամբ եւ ազատութեամբ. աղքատ էք գործունեայ աշխատասիրութեամբ. աղքատ էք արուեստական հանճարով, աղքատ էք իմաստուն տնտեսագիտութեամբ: Առանց մտաւոր եւ նիւթական հարստաթեան՝ դու միթէ արժանի կը համարի՜ս զքեզ նոյն Եւրոպական ժողովրդոց ճոխ կեանքը վայելել: Ծանիր, այդ կեանքը, այդ յառաջդիմութիւնը՝ ճակատի