անխոնջ քրտինքով բազմակերպ արեան զոհերով, հարիւրաւոր տարիներու հազիւ հազ կազմուած է, եւ դա դեռ երէկ սկսեցիր նոր երախայի պէս քերական կարդալ. կը կարծես ու կը հաւատա՜ս թէ ուսեալ եւ քաղաքակիրթ Եւրոպացի դարձար:
Ես կը գովեմ քո եռանդը, որ կը ձգտիս դեպի յառաջդիմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն, միայն թէ սխալ ըմբռնած ես, որպէս թէ զեղխութիւն, զեղծմունք, նորասիրութեան բուռն տենչանքը, ճշմարիտ քաղաքակրթութեան նմանողութիւն է: Այդ նոյնիսկ քաղաքակիրթ ժողովրդոց մեջ սինլքոր մասին կարծիքն է եւ վարք: Դու ազնիւ եղիր ու ազնիւ ժողովրդոց քարի ու պարկեշտ օրինակին նետեւի՛ր. որոց ամենայն ինչ կշռով ու չափով է. որոց ընտանեկան կեանքին լոյս եւ առաջնորդ՛ ուսումն, դաստիարակութիւն եւ տնտեսութիւնն է: Քաղաքակիրթ ժողովուրդ այս երեք բառերով կը վարէ իւր ընտանեկան կեանք, այս երեք բառերն են, որով նոքա բարեբաստիկ եւ երջանիկ կապրին աշխարհիս վրայ, վասն զի ուսման լուսով հաց կը գտնեն, դաստիարակութեամբ հոգին եւ սիրտ կրթելով բարի ընտանիք կը կազմեն, իսկ տնտեասթեամբ հացին սեղան եւ այլ կեանքի պիտոյքները չափով ու կշռով կը մատակարարեն միշտ հոգալով ապագայի անստոյգ օրերն, որ անշուշտ կը պատրաստեն մարդոյն համար կամ երջանիկ բախտ կամ թշուառ կեանք: Բայց մարդ իւր ներկային մէջ կամ զգաստութեամբ կամ ապշութեամբ իւր ապագայ օրերն ինքնին ձեռօք կը պատրաստէ. զի ներկան ապագային հիմն է եւ ապագան ներկային յաջորդութիւն եւ շէնք:
Բովանդակենք մեր յորդորական ճառը, ով դուք ընտանիք Հայոց, ուղղեցեք ձեր ներկան, որ ապագան ուղիղ լինի. տնտեսեցե՛ք ձեր ներկան, որ ապագային հացը չպակսի: Մի մոռնաք վերոյիշեալ երեք պայմանները որ մեր թշուառ կեանքը կը բարւոքեն եւ այս է՛ լասով հաց գտէք, դաստիարակութեամր բարի ընտանիք կազմեցեք, իսկ իմաստուն տնտեսութեամբ հոգացեք միանգամայն ձեր ներկան եւ ապագան: