Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/186

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ

Ա.

ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ պատմութենէն կիմանանք թէ՝ Տէր Աստուած տիեզերաց ճարտարապետ երբ մեր բնակած աշխարհին շէնքը ու հրաշալի զարդերը բովանդակեց. նախապէս պատրաստելով զայն իբրեւ բնակութիւն եւ սահման թագաւորութեան Մարդոյն, Աստուած, որ բանիւ միայն կարարչագործէր, Եդեմական դրախտը իւր ձեռքով տնկեց. եւ իբրեւ արքայական պալատ զարդարեց զայն ի պատիւ առաջնաստեղծ Մարդոյն, որ իւր տիրական պատկեր կը կրէր. եւ ինչպէս յերկինս իւր պետական աթոռ դրած էր, երկիրն եւս Մարդոյն պարպել տուաւ, եւ դրախտին մէջ հաստատեց Ադամ թագաւորին անմահութեան գահը։

Չգիտեմ, երբ կենդանի շնչով ու բանականութեամբ հոգիացաւ հողն ու կաւն, ու յանկարծ աչք բացաւ տեսաւ նախ իւր ստեղծող Արարիչն, երկինք, երկիր, եւ իւր բոլոր շրջապատը՝ զարմանազան արարածները, զգա՞ց արդեօք ու համբուրե՞ց այն մեծագործ ձեռք, որ զինքն յանարգ կալէն մարդ նկարեց. իմացա՞ւ թէ ինքն երկրի թագաւոր էր եւ պիտի իշխէր ծովուն, ցամաքին ու բոլոր հպատակ արարածոց։

Այո, այս տիրական իշխանութեան բարձրագոյն հրամանն ընդունեց իւր Արարչապետէն. թէ «Աճեցէ՞ք եւ տիրեցէք երկրին». Բայց անզոյգ մարդն ի՞նչով պիտի աճէր ու բարգաւաճէր։

Ադամ թագաւոր էր, այլ թագուհի չկար. ուստի, կըսէ Սուրբ գիրք, թէ Տէր Աստուած համաշխարհական հանդէս կազմեց, բոլոր ազգ թռչնոց ու անասնոց հրաւիրեց դրախտի ծառազարդ սրահը. հրաման տուաւ Ադամայ, որ իւր հպատակ արարածոց վայելուչ անունները ինքը դնէ. յորմէ յայտ է թէ մեր մանուկ Նախահայր դրախտի դպրոցի մէջ բնագէտ իմաստուն էր. զի վարդապետն Աստուած էր, որ փչեց նորա երեսը ու ճառագայթեց գիտութեան լուսով։ Երբ կը տեսնէր ու կը դիտէր Ադամ