Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/188

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մաց հրաշագեղ տիպարը, անմտացան կարծել թէ մարդն կապկի սերունդն է, եւ կապիկն է մարդուն նախահաւն։

Այսպէս անընկեր մնաց խեղճ Ադամ ու սկսաւ հոգալ ու տխրիր Բոլոր Դրախտի գեղազան վայելչութիւնք չկրցին զինքն սփոփել, նա միայնակ էր. ուստի, Տէր Աստուած փութաց նորա տխրութիւն փարատեր թանձր քուն թափեց նորա աչքին վրայ, եւ նորա կողերուն մի ոսկորն առնելով հրաշապէս նորաստեղծեց Եւան կենդանի հողէն նորահրաշ կենդանի մարդ կերտելով: Զարթեալ Ադամ քնաթաթախ աչքով, տեսաւ առընթեր իւր կեցած իւր մահատիպ պատկերը, հիացաւ, հաւանեցաւ, ու խայտալով գոչեց. «Ահա այժմ ոսկր յոսկերաց իմոց, եւ մարմին՝ ի մարմնոյ իմմէ». եւ այլն։

Ադամ, որ բոլոր կենդանեաց անունները վայելչապէս յորջորջեց, առանց վարանման գտաւ իւր ընկերին անունը. Աստուած զայն Օգնական կոչեց. իսկ Ադամ Կին. զոր բացատրելով կը մեկնէ իբր իսկական մասն իւր անձէն առնուած. որով մեղմով իմն կազդարարէ իւր արարչին, թէ ինչպէ՞ս հնար էր, որ ինքն օտար մարմին եւ օտար ոսկր իւր համար ընկեր ընդունէր, եւ կցէր պատուաստէր զայն իւր մարմնոյն միութեան հետը, որ անբնական էր։

Այսպէս աւարտեցաւ Դրախտին հարսանիքը, որոյ պսակադիր Քահանայն Աստուած էր, Եկեղեցին Դրախտն էր, Խաչ ու Աւետարան Կենաց ծառն էր. Շարական երգող Տիրացուն Սոխակն էր, վկայող ժողովուրդը բոլոր կենդանեաց սեռն էր. հարսնարանին խնճոյք կազմող մատակարարն ու մատռուակ՝ հրեշտակաց դասն էր. անմահ անուշահամ գինին՝ Դրախտի չորս գետերն էին. սուրբ եւ մաքուր առագաստ՝ հովանաւոր ծառաստանն էր։

Ահա այսպէս կազմեց Տէր Աստուած առաջին ընտանիքը. իւր արարչական աջով օրհնեց նորապսակ ամուսինները, եւ սիրոյ անխզելի կապով զիրենք, այնչափ ամուր եւ անբաժանելի, մինչեւ թողուլ հայր ու մայրը եւ ամուսնոյն ետեւէն երթալ. որ կը յայտարարէ դրախտին Քահանայապետն թէ, «Զոր Աստուած զուգեաց, մարդ մի մեկնեսցէ». այսինքն թէ պսակին խորհուրդը վեհ է. եւ թէ զայն Արարչին հզօր ձեռք կապեց, թող ստեղծուած մարդը իւր տկար ձեռքով չհպի յանդգնութեամբ քակել զայն։