մար կը կապէ Այրարատեայ աշխարհին վերայ, ձգելով մէկ ծայրնի Մասիս եւ միան յԱրագած։
Աստուած Արդարոյն հետը յաւիտենական ուխտ կը կնքէ այլեւս չապականել երկիրը ջրհեղեղի պատուհասով։ Վաստակաւոր նահապետ յիշելով իւր արդար մշակութեան արուեստը, Մասեաց արեգդէմ դարեւանդին վերայ մի այգի կը տնկէ իւր ձեռքով, եւ օր մը կարբենայ գինւով, համեստ ծերունին գլուխ Մասեաց թեւին վերայ դնելով կը ննջէ եւ հովը կը հոլանէ նորա հանդերձը։ Համ կրտսեր որդին կը տեսնայ զայն, ծանակելով կը ծիծաղի. Սէմ ու Յաբեթ պատկառանօք կը ծածկեն իրենց հօր առականքը. ծեր Նահապետը կը զարթնու եւ կզգայ. կանիծէ Քանան մանուկը, եւ կօրհնէ Սէմ ու Յաբեթ։
Նահապետական ընտանեաց մէջ շատ նշանաւոր էր ծնողաց յարգանք ու որդւոց պատկառանք. երանի թէ այս վսեմ առաքինութեան օրինակը ել յիշատակը Յաբեթի տան անցեալ եւ ներկայ արդիներ անմոռաց պահէին միշտ ընկերական կեանքին մէջ, զոր չի մոռնար Մովսէս պատմել Սուրբ Գրոց կարգին հետը. ցոյց տալով թէ քանի՜ պատկառանաց ու համեստութեան շնորհ կը փայլէր Նահապետաց ընտանեկան կեանքին մէջ։
Գ.
ՀԱՅՈՑ ՆԱԽԱՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆ
ԵԻ
ԸՆՏԱՆԻՔ
ԴԵԱԽՏԵ նախաստեղծ ընտանիքէն սկսելով միայն մի համառօտ նկարագրով յիշատակեցինք քանի մր Աստուածահաճոյ նահապետաց կեանքն, զոր կը պահանջէր գրոյս նպատակը։
Եւ թէպէտ Նոյէն յետոյ առաւել եւս կը փայլին հաւատացեալ ընտանիքով Աբրահամ Իսահակ եւ Յակոբ նահապետները,