որոց վարք եւ ընտանեկան կեանքը սքանչելի է, եւ մարդ կը հիանայ երբ ուշադիր մտքով կը կարդայ Ծննդոց գիրքը:
Բայց շարադրածիս կարգ եւ առարկայն երբ պահանջեն, անշուշտ իբրեւ օրինակ յառաջ պիտի բերեմ, հին աշխարհի առաքինութեան այդ չքնաղ տիպարները, որոց ընտանեկան կեանքը զարմանալի է, ուր ոչ գիր, ոչ դպրոց, ոչ ուսումն կար, միայն խիղճ, երկիւղածութիւն եւ Աստուածպաշտութիւն կառաջնորդէր եւ կը դաստիարակէր զիրենք, արդի լուսաւոր եւ քաղաքակիրթ աշխարհի որդիքները պէտք է պատկառին նահապետաց պատկառելի շուքէն։
Մեր ազդին եւ Հայոց աշխարհին ընտանեկան կազմութեան առաջին հիմնադիր Նոյ նահապետն է, ինչպէս եւ ջրհեղեղէն յետոյ հանուր մարդկութեան նախահայն է, ուստի մեք Հայկայ անունով Հայ կը կոչուինք, Արամայ անունով Արմէնեան, եւ երբեմն եւս Թորգոմական կամ Ասքանազեան, բայց այս նահապետները բոլորն եւս Նոյի կրտսեր որդի Յաբեթի սկզբնական սերունդէն են, ասոր համար մերթ եւս Յաբեթական ազգ կը կոչուինք։
Ինչպէս որ կը կարծուի, դրախտը Հայաստանի մէջն էր, եւ կեանքն այդ աշխարհէն սկսեց, նախախնամ տեսչութիւն այնպէս կամեցաւ, որ դարձեալ մարդկութեան սերունդին աճումն՝ դրախտի մօտէն սկսի։ Ուստի Հայոց Արարատեան աշխարհը մարդկային ազգի նոր խանձարուր եղել, Նոյ նավապետ իւր բարեճոխ ընտանիքը Մասիսի հովանեաց եւ թեւին տակ հաստատեց, որ այժմ Նախ իջեւան կըսուի, գրեթէ հինգ Հազար տարիէն աւելի է այս աւանդական անունը անկորուստ պահելով մինչեւ ցայսօր նոյն անունով կը կոչուի։
Երբ Նոյի տան ընտանիքը, ինչպէս կը կարծուի չորս հարիւր տարուան միջոցը, այնչափ աճեցաւ ու բազմացաւ մինչեւ Արարատեան լայնատարած աշխարհի այլեւս բնակութեան տեղ չի մնալով, գաղթականութիւն սկսեց սփռել աշխարհիս ամէն կողմը, առաջին ընտանեկան դաղթականութիւնը դէպ ի Բաբիլոնի Սէնարայ դաշտ չուեց. չը գիտեմ թէ ի՞նչպէս այս գաղթական ընտանիքը վաղ եւ շուտ մոռցան Նոյ նահապետի արդար ծերոյն յիշատակը եւ նորա հաւատք ու Աստուածպաշտութեան երկիւղածաթիւնը. եւ սկսան նանրախորհուրդ մտօք երկնից ցասման դէմ մի հզօր ամբարտակ կանգնել, թերեւս յա-