Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/197

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ւանդութենէ յուշի պահելով թէ ինչպէս բարձրագագաթ Մասիս Նոյայ տապանին ասպնջական եղել, այդ մեծագործ ամբարտակն եւս կարող է զիրենք ազատել, եթէ կրկին անգամ ջրհեղեղ գայ աշխարհ։ Իսկ հաւատացեալ Նոյին սիրելի պաշտեցեալ Աստուած՝ որ հաշտութիւն ուխտեր էր, պահ մի ծածկեց իւր հաշտութեան աղեղն, եւ Մասիսի գլխէն իջաւ’ի Բաբիլոն մի շնչով խորտակեց ամբարտակն ու խառնակեր միաբարբառ մարդկանց լեզուները, եւ ցրուեց չարաժողով միաբանութիւնը. որպէսզի ճանչնան Բաբելոնի ամբարիշտ ընտանիքը թէ իրենց մեծամիտ խորհուրդ եւ գործն ընդունայն եւ Աստուծոյ ընդդէմ էր. եւ այնուհետեւ այլեւս չժպրհին երկնից Բարձրելոյն դէմ թումբ կանգնել։

Մինչդեռ Բաբելոն կը խառնակէր, Բէլ կը տիրապետէր, Արարատեան աշխարհ խաղաղութիւն էր։ Հոն ազատութիւն եւ աստուածպաշտութիւն կը թագաւորէր, իւրաքանչիւր տոհմական նահապետները իրենց ընտանեաց վերայ կիշխէին տանուտէրական իրաւունքով։ Իսկ արդար Նոյ՝ նահապետաց նահապետն, որ դեռ ողջ էր, Մասիսի մեծաշէն պալատին դուռը իւր աթոռը դրած կը հովուէր Հայոց մտերիմ ժողովուրդը, որ իրենց բնակասնունդ հայրենիքը սիրելով երբէք չբաժնուեցան. որով իրենք անմասն մնացին Բաբելոնի պատուհասէն, անարատ պահելով հայրենի նախնական լեզուն, կրօն եւ երկիւղած Աստուածպաշտութիւնը։ Քանզի Նոյ նահապետ, որ պահապան էր աշխարհին, ինքն կենդանի օրինակ եւ քարոզ էր, արդարութեան լոյս կը ծաւալէր բոլոր ժողովուրդ ի կեանքին եւ ընտանեաց վերայ. որ բաւական կը լինէր մէկ արդար մարդ աշխարհին լոյս տալ, եւ ազգը մոլեկրօն ամբարշտութենէն ազատ պահել։ Նոյին արդարութեան լուսով զինուեցաւ մեր Հայկ նահապետ աշխարհակալ Բէլին դէմ, եւ զայն նշկահելով Բաբիլոնէն կրկին դարձալ իւր հայրենիքը, եկաւ համբուրեց հինաւուրց ալեւորեալ ծերոյն տապանաշէն աջը. եւ ես կը հաւատամ թէ նորա զօրավիգ օրհնութեամբ զօրանալով, յաղթանակ տնկեց Հայոց ձորին մէջ եւ կործանեց այն հսկայ որսորդը, որ կը խիզախէր Աստուծոյ առաջ եւ եղջիւր կ՜ածէր երկնից դէմը։

Աստի կը սկսի Հայկատուն եւ ընտանիքը, եւ հետզհետէ տանուտէրական իշխանութեամբ կը կառավարի ժողովուրդ։

Հայկայ կեանքէն եւ թուականէն սկսեալ մինչեւ ցայսօր