գրեթէ չորս հազար այսքան տարի կը հաշուեն. օրհնեալ է Նախախնամութեան անունը, որ դեռ Հայոց ազգը եւ իւր յիշատակը կենդանի պահուած է։ Այսչափ ժամանակի ընդարձակ միջոցի մէջ. կան ուրիշ ազգերը որ հայրենիքէն գաղթականութեամբ ելած են, կան որ սպառած ու նուազած են, ինչպէս Հայոց դրացի Ասորին։ Հայոց ազգը եւ իւր ընտանիքը, որ մեծագոյն մասամբ իւր հին հայրենեաց մէջ, պահպաներ ու կը պահպանէ դեռ իւր նախնեաց հողն ու գերեզմանը։ Ամէն վիշտ ու տառապանք կրեց, աշխատեց նոյայ տնէն, Մասիսի սարէն չհեռանալ, ուր Քրիստոս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Կաթուղիկէն բարձրացուց:
Չգիտենք, եւ կը տարակուսինք թէ արդեօք Հայոց ազգը իւր նահապետին տուն եւ հայրենիքը չթողլով նոյն նախնի նահապետաց ընտանեկան կեանքին չնաշխարհիկ առաքինութիւններն ողջ ու անարատ պահեց։ Այդ ինքնին յայտնի է. եւ պատմութիւնը մեզ կուսուցանէ. երբ ազգ մի այլ եւ այլ ազգաց տիրապետութեան տակ կը նուաճի, անշուշտ նա կստիպուի օտարի կեանքին ու սովորութեանց հետեւիլ։ Սորա համար Աստուծոյ պատգամախօս Մովսէս օրէնքով կարգիլէր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ զգուշանան եւ չխառնակին հեթանոսաց հետը, որպէսզի չսորվին նոցա անարժան գործերը։ Հայոց ազգը եւ իւր նահապետական ընտանիք այդ խառնակութենէն ազատ չմնացին, ոչ հեթանոսութեան գարուն մէջ եւ ոչ քրիստոնէութեան։ Պարթեւական Արշակունիք, Բագրատունիք, Ասորիք, Պարսիք, Մարք, Յոյնք, Թաթարք, եւ այլ փոքր ու մեծ ազգերը, կոխերին մեր հայրենեաց հողը, մերթ խառնուեցան ու ձուլուեցան, մերթ տիրեցին ու զօրացան, մերթ գերեցին ու կոփեցին, ո՛վ կը տարակուսի թէ այսքան խառնակութեանց մէջ ոեւիցէ ազգ մի կարող չէ իւր հին ընտանեկան կեանքը, ողջ ու անեղծ պահել։ Երբ այնչափ յեղափոխութիւնք մեր ազգային կեանքը իւր նախնի պարզութենէն հանելով այլափոխեր են. շատ դժուարին է ստոյգ եւ անխառն նկարագիրը հանել ժաղովուրդի կեանքին։ Մանաւանդ մեր ազգի հնութեան պատմիչները դուն ուրեք ժողովուրդի կեանքն ու բարք շօշափելով կանցնին, միտ դնելով միայն նկարագրել պատերազմի դաշտ, քաջաց գործը, եւ շատ եւս ողբ եւ կոծ ժողովուրդի աղէտներու համար, ուստի քննասէր ու բանասէր միտքը շատ դժուարութեամբ կարող է իրաց պարագաներէն