գուշակել մեր նախնի ժողովուրդոց բուն նշխարները, դորա հաւատարիմ աւանդապահը մեր հայրենեաց ժողովուրդն է. վասն զի գաղթական հայոց մասն, ուր որ գնաց՝ հոն իւր մեռելոց հետը թաղեց նաեւ իւր հայրենեաց հին ու փառաց հետը՝ մոռցաւ նաեւ էջմիածնի բարձրագոյն Կաթուղիկէն։
Իսկ դուք, ո՜վ որդիք Հայոց, որ մեր հին Նահապետական տան ժառանգորդ զաւակներն էք. հոն հայրենի տունը կացէք, մի՛ հեռանայք, սիրեցէք Մասիսը, իւր տապան եւ սուրբ Գրիգորի Կաթուղիկէն. մշակեցէք Նոյայ ձեռատունկ այգին՝ Արարատայ դաշտը, մի՜ թողուք յաւիտեան Նահապետական տուն ընտանիքը. դուք Մասիսին հարազատ որդիքներն էք, Մասիսը ձեր հայրենի սեպհական տունն է. թող շէն մնայ ձեր տունը, շէն մնայ Նոյայ գերդաստանը, բարգաւաճին օրհնեալ Յաբէթը որդիները, արդար Նահապետին գերեզմանին աղերս եւ զոհին ծուխ մինչեւ երկինքը ելնէ, երկինք հաշտուի, եօթնագունեան աղեղն կամար կապէ դրախտի աշխարհին վերայ եւ դրախտի բնիկ որդիներ ցնծան թէ Աստուած ընդ մեզ է, իւր հզօր աջով կօրհնէ եւ կը պահպանէ Նոյայ տուն եւ նորա տարամերժեալ ընտանիք։
Դ.
Մ Ա Ր Դ
ԵԻ
Ա Մ Ո Ի Ս Ն Ո Ի Թ Ի Ի Ն
Մարդոյն Արարիչը ամուսնութիւնը միայն մարդոյն համար սահմաներ է. եւ ամուսնութիւն Աստուծոյ խորհրդաւոր, ձեռագործ եւ բնական օրէնք է։ Մովսիսին օրէնքները Տէր Աստուած Սինայի սարէն տուաւ, իսկ ամուսնական օրէնքը դրախտէն կը սկսի։ Անդրանիկ մարդն Ադամ եւ նորա ամուսին Եւայ երբ արարչութեամբ աշխարհ եկան, այս բնական օրէնքը իրենց գոյութեան հետն էր։ Եւ ի՜նչ է այս արարչադիր օրինաց զօրութիւն