Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/200

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եւ նպատակը։ Այդ ինքնին յայտնի է, զօրութիւն բնական սէրն է եւ նպատակը մարդկային սեռին բարգաւաճումն ի փառս իւր Արարչին։

Այո՛, ամուսնութեան բուն օրէնքը բնական սէրն է, որ մարդուն բնութենէն անբաժանելի է։ Բնական սէրն հաւասար է նաեւ ամէն թռչնոց եւ անասնոց առանց ամուսնական պայմանին՝ որ միմիայն ազատ մարդոյն համար է։ Բնական սէրն է միայն բոլոր բնութեանց կենդանատու հոգին եւ զօրութիւն. եթէ չը կենդանացնէ սէրը՝ բնութիւնը կը մեռնի, ոչ մայր կը ծնանի եւ իր զաւկին կաթ կուտայ, ոչ հաւ, ոչ ճնճղուկ ձագեր կը հանեն եւ կուտ տալով կը սնուցանեն։

Ուստի, արժան է, որ ամենայն իրաւամբ ընդունիմք, թէ ամուսնական օրէնքը աշխարհի մարդկութեան հիմն է, բնութեան մէջ խորապէս հաստատեալ. եւ ոչ ձեռք մի կարէ խախտել զայն, եւ եթէ խախտի՝ մարդն իւր կեանքով կը չքանայ, եւ այլեւս չեն պէտք աշխարհ եւ իւր համայն զարդերը, որ տիրական մարդոյն սպաս տանելուն համար պատրաստուած են։

Ամուսնական օրէնքը յետ Աստուծոյ, մեր կեանքը շարունակող ստեղծագործ ձեռքն է, վասն զի արարչական միանգամ եւ եթ երկու նորաստեղծ ամուսիններ ի գոյ ածելով բաւ համարեց. թող տուաւ այնուհետեեւ որ ամուսնութիւն արարչագործէ եւ մարդիկ զիրար ստեղծեն։

Այլ թող չի պարծին մարդիկ որ ունին այդ արարչական շնորհը, որ չկտրեն մազ մի սպիտակ կամ թուխ փոխել, եւ թող հաւատան թէ մանուկը իւր մօր արգանդին մէջ պահող Նախախնամութիւնն է. մանուկ կը ծնանի, կաճի, կը զարգանայ. եւ մենք զարմանալով կը տեսնամք թէ մարդն զմարդն ծնաւ յաշխարհ։ Ամենայն պատկառանօք խոստովանիլ պէտք է թէ Նախախնամող ձեռքն է մարդոյն կենաց բուն սնուցիչ մատակարար, զի «ո՞վ կարէ յաւելուլ ի հասակ իւր կանգուն մի» ասաց Քրիստոս։

Ամուսնական կենաց արգասիքն է մեր բնակած աշխարհի շինութիւն եւ բարգաւաճումն, եթէ այսօր մեր լայնատարած երկրագունդը լի է մարդկային սերնդով, այդ եւս ամուսնական կենաց պտղաբերութեան անսպառելի հրաշքն է. զի դրախտին մէկ ծառը՝ բովանդակ աշխարհը ծառազարդեց։ Եթէ մարդոյն նախատես Արարիչն կինը իբրեւ կեանք եւ օգնական չըտար մեր