Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/201

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նախահօրը, թէ որ չօրհներ ինք բերանով թէ «Աճեցէք ու լցէք երկիրը», եւ այլն, ի՞նչ կը լինէր Ադամ իւր միայնութեան վիճակին մէջ։ Նա կը մնար առանց կենակից ամուսնութեան, անծին, անծնունդ եւ անկեանք. զի Ադամայ եւ հանուր մարդկութեան կեանքը կինն էր, որուն համար կասէ սուրբ Գիրք թէ «Նա է մայր ամենայն կենդանեաց». այսինքն մարդկային սեռին։

Հին դրախտին մէջ Եւան որ կեանք էր, մահ ծնաւ, մարդոյն կեանքը մահացոյց. նոր դրախտին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Կուսին զաւակ Յիսուս՝ հին մահացեալ կեանքը վերանորոգեց. եւ իւր Աւետարանին ազատ ու շնորհական օրինօք սրբագործեց ամուսնական խորհուրդը, եւ վերստին պնդեց նորա կապը, զոր կը խզէր միշտ հրէական խստասրտութիւն։

Սուրբն Պօղոս, որ Քրիստոսի հոգւով կը խոսէր, պատուական կը կոչէ ամուսնութիւն, եւ սուրբ կը համարի նոցա առագաստը։ Այնչափ մեծ նշանակութիւն կուտայ, մինչեւ կը համեմատէ զայն եկեղեցւոյ բարձր խորհրդոյն հետը. Յիսուս փեսային եւ իւր հարսին հետը։

Եւ մերթ եւս անձնուրաց Առաքեալը խաչակրութեան ազատ պաշտոնին եւ Աւետարանի քարոզութեան համար կամաւ ներքինի կը լինի, որպէսզի Եկեղեցւոյ հաւատացեալ ընտանեաց համար միայն հոգայ, վասն զի Աւետարան եւ Եկեղեցին խաչաբարձ խմբին առաջ վերագոյն համարուած էր։ Նոքա քաջ սորված էին Աւետարանի այս դասը, թէ «Որ ոչ առցէ զխաչ իւր եւ եկեսցէ զկնի իմ, չէ ինձ արժանի»։ Յիսուս խաչն ի յուս դէպի Գողգոթայ գնաց, զոհեց զինքն մարդկային սիրոյն համար. նոյն կը պահանջէր իւր ուխտադիր աշակերտներէն։ Յայտ իսկ է թէ սոյն անձնուէր խաչակրաց առաջ որչափ որ կը խոնարհի ու կը լռէ ամուսնական իրաւունքը, այլ երբէք չի եղծանիր. զի Աստուածային ձեռք եւ դրախտի օրհնութիւնը զայն անեղծ դրոշմեր են։ Թող ոչ ոք այնպէս կարծէ թէ ուրեմն Յիսուս եւ Պօղոս ընդդիմ ախօս են սոյն Աստուածական վճռոյն, մին իւր սիրոյն եւ Աւետարանին համար ընտանիք եւ աշխարհ թողուլ դաս կուտայ. եւ միւսն կը ցանկայ, որ ամէն մարդ իրեն պէս անամուսին կոյս լինի. եւ կամ թէ Կորնթացի հաւատացելոց կարծեաց կը հաւանի Պօղոս, որք կը գրէին թէ «Բարւոք է մարդոյ ի կին մարդ չը մերձենալ». յորում այնպէս կը թուի, թէ