սոյն կարծիքը ուղղակի դիմախօսութիւն է դրախտի Աստուածային այն վճռոյն, թէ «Ոչ է բարւոք մարդոյդ միայն լինել». եւ այլն։ Պօղոս Ա. Կորնթացւոց եօթներորդ գլուխն ամբողջ ամուսնութեան եւ կուսութեան վիճակի վերայ կը խօսի, եւ խիստ ազատութեամբ կը վարդապետէ, պատասխան տալով Կորնթացի Ժողովրդոց գրոյն։ Մարդ կարող է ինքնին խորհրդածել, որ դրախտի վճռոյն եւ Պօղոսի վարդապետութեան մէջ անշուշտ մեծ խորհուրդ եւ նպատակներ կան։ Վասն զի մարդոյն Արարչութեան օր՝ Արարչին խորհուրդ եւ նպատակն էր, որ իւր պատրաստած ամայի երկիրը ամուսնական օրհնութեամբ լցնէր, եւ մարդն իւր աճեցեալ սերնդով փառաւորէր զԱստուած։ Իսկ Պօղոսին նպատակն էր, որ եկեղեցւոյ որդիները՝ նոքա որ կարող են իրեն պէս առաքինանալ, թողուն աշխարհ եւ ամէն բան, միայն Աստուած եւ եկեղեցին հոգան, ազատ մնալով ընտանեկան զբաղմունքէն։ Պօղոսի վեհ հոգին ըղձակերտ կը լինէր, որ Աւետարանի պաշտօնեայք ազատ զին ոլորներ լինին սկսեալ Երուսաղէմէն անարգել երթան մինչել աշխարհիս ծագը Աւետարան եւ հաւատքը ծաւալեն։ Թող այս, Պօղոս երբեմն վերանալով տեսաւ երկնից դրախտն եւ Աստուծոյ սիրելեաց համար պատրաստուած փառքն, ապշեցաւ հիացաւ թէ անճառ է եւ անպատում, ուստի զարմանալով կը պատմէ եւ ի նոյն կը յորդորէ որ վերթեւին եկեղեցւոյ զաւակները, ու կը խօսի այսպէս. «Եթէ ժամանակս կարճեալ է այսուհետեւ, զի որ ունեցին կանայս, որպէս թէ չունեցին... եւ որ վարեն զաշխարհս, որպէս թէ չը վայելիցեն, որ անցեալ է վայելչութիւն աշխարհիս»։
Երանելի Պօղոս, թող իւր տեսած դրախտէն նայի այժմ, թէ աշխարհիս վայելչութիւնը եւ կեանքը ո՞ւր հասած է եւ թէ երկրասէր մարզիկը կր հասկնա՞ն իւր խօսքը, կամ կը հաւատա՞ն թէ իւր տեսած դրախտը Փարիզի դրախտէն գերազանց եւ վայելուչ է։
Այո՛, Պօղոսին յափշտակեալ միտքը երազ չէ, այլ ճշմարիտ իրողութիւն է՝ միայն ճշմարիտ հաւատացելոց համար. զի երբ երկնից արքայութիւնը յայտնուեցալ, եւ երբ Յիսուս քարոզեց Աւետարանի որդւոց, թէ՝ «Դուք այս աշխարհէն չէք», այնուհետեւ աշխարհիս դրախտը կը քանդուի եւ երկնից դրախտը կը բացուի մարդոյն առաջը։
Այլ թէ այսպէս եւ թէ այնպէս, ոչ Աստուած, ոչ Յիսուս,