պարակին վերայ անտէրունչ մնալով՝ եկեղեցին միայն գթար ու հոգար զիրենք։ Վասն զի սանձակոտոր ազատութեան կեանք ընտանեկան չէ. ոչ համեստութեան մէջ պատսպարուած է եւ ոչ եւս ամուսնութեան վկայագիր ունի. կամ այն սպիտակ անմեղութեան ծածկոյթը, որ կը ծածկէ մարդոյն առականք։ Նա մերկ կը շրջի հրապարակի մէջ. թէ գիտուն եւ մի անգամ այն իմաստակ է։ Շնական փիլիսոփայութեամբ կը համոզէ իւր միտքը, եւ թոյլ կուտայ որ իւր անժուժկալ կիրքը ազատօրէն վարի. եթէ նուաստ ու սինլքոր է, նա իւր ռամկութեամբ ոչինչ չզգար իւպատուոյ եւ անուան համար. թէ հարուստ է, ազնուական է, կը կարծէ թէ մամոնային զօրութիւնը կամ անուան փառքն ու վարկը կարող են ծածկել իւր առականքն, մարդկային ակնածութիւնը եւ մեղադրանքն, մանաւանդ նոքա, որք կը համարին զիրենք Եւրոպիոյ քաղաքակրթութեան հետեւող զաւակները, եւ իրենց մեծ ուսմունք, կեանքն ու զբաղանքն են սիրավառ վիպասանութիւնք եւ այլն։ Այսպէս ահա սանձակոտոր ազատութիւն եւ անառակութիւնը՝ խափանարար կը լինին ամուսնութեան։
Զեղխութեան մոլութիւնը թէպէտ անառակ եւ անհամեստ կեանքին ճարակելի նիւթն է, սակայն այս նիւթն սոսկ արտաքին անառակութեան համար չի ճարակիր. այլ Նոյն իսկ ընտանեկան կեանքին մէջ աւելի եւս կը ճարակի կեանքի ու տնտեսական պիտոյից համար. որ այնչափ բազմապատիկ շատցած են. որոց մէջ գրեթէ խեղդուած է ամուսնութեան պէտք ոխ կարիք, Միթէ չե՞ս հաւատար ընթերցող, թէ Հայ ընտանիքներէն շատերը պերճ ու փառասէր զեղխութեան մէջ պարանոցաթաղ եղած են։ Եւ ի՜նչ է նոցա սրտի եւ սիրոյ հաճոյք. գիտե՞ս շքեղ տուն, թանկագին կահ կարասիք, կառք ու սիգաճեմ ձիերը, անբաւ զարդ, անհուն նորասիրութեան ձեւերը, սնապարծ ցուցամոլութիւն, զբօսասիրութիւն, ունայնամիտ տենչանք եւ այլն։ Այս ամէն պերճանք՝ մի մեծ բանակ կազմելով կը զինուորին պարզ կեանքին դէմ եւ կը յաղթահարեն ամուսնական սէրը. ինչպէս մարախին բանակը ցորենի արտերը կը սպառէ. նոյնպէս այդ պերճանքն է, որ կուտէ կսպառէ ամուսնութեան բաժին սեղանին հացն. ոչ հարսին օժիտ կը թողու եւ ոչ փեսային վաստակ, եւ ինչ պէտք է երբ այս կարգի մարդիկ զեղխ ու մեղկ