զերեայ քաղաքները այդ օրէնքը իբր հին ու անպէտ համարելով բարձի թողի եղած է ժողովուրդէն եւ միանգամայն եկեղեցւոյ հայրերէն։
Եթէ մէկն յառաջ բերէ, եթէ որ կտրիճ նորապսակ երիտասարդ մը ամուսին մեռնի տարաժամ, նա պարտաւոր է մի այրի կնոջ հետ ամուսնանալ։
Այդ հարցմանն՝ ես ալ մի հարցումն յառաջ բերեմ, եթէ նոյնպէս ապաժամ մեռնի փեսայն՝ այրի մնայ իւր հարսն, որոյ կեանք նոր բացուած գարնան պէս դեռ ծաղկահասակ, կաղաչեմ, որ խօսիս ի՞նչ է քո արդար դատաստանը, դու որ խիղճ կընես նորատի փեսային համար. նոյն խիղճ չե՞ս զգար նորածաղիկ հարսին համար, եւ կհուզես, որ նա անամուսին, անպտուղ սեւաքօղ երթայ մինչեւ ի գերեզման։ Եթէ փեսայն կանձկայ որ դարձեալ կոյս ամուսին մի առնէ կամ ինքն կուսին փեսայ լինի. արդեօք այրի հարսն իրաւունք չունի՞ այդպէս անձկանալ. բիւր անգամ երջանիկ կը համարի զինքն, եթէ բախտաւորի. թող կոյս փեսային՝ գէթ այրի փեսային ամուսին լինել։ Մեծ զրկանք է այս կանանց սեռին. մեծ ոճիր է տառապեալ այրիներուն, քանի որ աշխարհիս դատաւորները այր մարդիկ են։ Խօսքիս միտքը չը լինի թէ խեղաթիւրես, մտադիր ընթերցող, ես չեմ ասեր, որ կիները դատաւորական աթոռ նստին, այլ ասել կուզեմ բանին ճշմարտութիւն, որ ալեւոր դատաւորները, այս դատաստանին մէջ աչառելով կը վարին, եւ այս բարոյական հարստահարութիւնը տակաւին պիտի ծանրանայ շատ մանկամարդ կիներուն վրայ, քանի որ ժամանակ յոռի ազատութեան զեղծմունքներ կը յաւելու։
Հարսն ընտրութեան կարեւոր պայմանները այս չափ միայն յիշելով՝ խօսինք այժմ Նշանադրութեան խորհուրդին վերայ որ հանդերձեալ պսակին նախօրհնութիւնն է. զոր կը կատարէ Եկեղեցին հանդերձ վկաներով, ցոյց տալով հրապարակաւ թէ խօսեցեալ կոյսն նշանեցաւ մի երիտասարդի համար. այլ եւս ոչ ոք իրաւունք ունի ուրիշի համար խռսել կամ նշան տալ։
Նշանադրութեան խորհուրդ շատ հին աւանդութիւն է, եւ կը տեսնամք զայն նահապետական ընտանեաց մէջ։ Աբրահամ նահապետ իւր հաւատարիմ Եղիազար ծառայն ի Խառան կը ղրկէ իւր հայրենի ազգատոհմին տունը, որպէս զի Իսահակայ որդւոյն համար հարսնախօս լինի։ Տէր կառաջնորդէ հաւատա-