րիմ ծառային. Խառան ու ջրհորին գլուխ կը գտնէ պարկեշտ Ռեբեկայն, հոն Եղիազար կը հաւատայ թէ կոյսն ըղձակաթ է իւր փեսային. այլ եւս չսպասեր ծնողաց հաւանութեան. իսկոյն կը նշանէ դնելով մատնին ի մատն եւ ապարանջաններն ի բազուկ. որ ի կողմանէ փեսային կուղերձի առ հարսն իբր եւ ի նշան հաւանութեան եւ սիրոյ։ Այս ընտանեկան պարզ ու անկեղծ սովորութիւնը, որ Աբրահամէն յառաջ թերեւս Նոյի ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ ցայսօր աւանդաբար հասած է։
Երանի՜ թէ մեր հարսնախօսք Եղիազար ծառային պէս հաւատարիմ լինէին, առանց կեղծելոյ, առանց նենգելոյ, առանց ոեւիցէ խարդախ միջոցներ ի գործ դնելոյ՝ սրտի պարզութեամբ կատարէին այդ զգուշաւոր պաշտօնը որ ընտանեկան միութեան առաջին կապն է. զոր պէտք է ամենայն հաւատարմութեամբ եւ լի սիրով ամրապնդել։
Նշանադրութենէն յետոյ՝ նշանուած կուսին սուրբ պարտիքն է, իւր աչքի խանդակաթ սէրը դարձնել միայն նշանի մատանւոյն վերայ. յիշել, միշտ յուշի պահել թէ ինքն նշանուած է, հարս պիտի լինի. այլեւս չիկայ աշխարհիս վերայ իրեն համար ուրիշ ոք բաց իւր փեսայէն, որոյ միայն պէտք է նուիրէ իւր մաքուր կուսական սէր։
Այս պարտիք փոխադարձական է, ոչ միայն հարսին համար, եւ փեսային, որ թէպէտ ինքն աւելի ազատ է, ազատ արար կը շրջի ամենուրեք հրապարակի մէջ, այլ պէտք է փակէ իւր աչքը, ամփոփէ իւր միտքը, պահէ իւր սրտին ամբծութիւնը եւ ոչ զոք տեսնալ ուզէ բացի իւր նշանած կուսէն։ Նա թէպէտ չունի մատանի յուշարար, ոսկի եւ ադամանդ. մատանի իւր հզօր սէրն է, որով կը կապէ նա իւր անձկալւոյն հետը, մահ եւ աշխարհ կարող չեն զայն քանդել, եթէ չքանդէ իւր ձեռք եւ մերթ եւս նենգաւորին դաւ։
Արեւմտեան քաղաքակիրթ ազգաց մէջ իբրեւ. ընտանեկան սովորութիւնը՝ թոյլատրուած է. նշանուած կոյսն եւ երիտասարդն ամուսնութենէն յառաջ կարող են իրարու հետ յաճախ եւ ազատարար տեսնուիլ, խօսիլ եւ զբօսնուլ ընկերութեան մէջ եւ առ տնին։ Պոլսոյ եւ ուրիշ մի քանի քաղաքաց մէջ եւս մտեր է այդ ազատ վարմունքը եւ հայ ընտանիքն եւս սկսած են սոյն ազատութեան փափաքիլ: Սակայն այսպիսի ազատ վարմանը ու տեսութեանց մէջ, կատարեալ կրթութիւն եւ դաստիա-