Երկու պսակաւոր այս գորովալի եւ խորհրդական բարձր անունները նոր կստանան, եւ տիրապէս այն օրէն՝ երբ իրենց անդրանիկ զաւակը աշխարհի կընծայեն։ Շատ յարմար է թէ որ ըսենք, թէ այդ անդրանկածին պտուղն է իւր ծնողաց կնքահայր եւ անուանադիրը, որ առաջին սիրաշարժ բարբառը՝ հայր եւ մայրն է։ Չկան աշխարհիս վերայ այլ անուանք, կամ զանազան վայելուչ եւ փառաւոր տիտղոսները որ հաւասարին եւ համեմատին սոյն սքանչելի անուանց հետը։ Թագաւոր, կայսր իշխան, ժողովուրդ, ազգ եւն. այս մեծափառ անուանք իրենց բարձրանշան տիտղոսներով հանդերձ, ցած ու նուաստ են՝ հայր եւ մայր սիրելի ու պատկառելի կոչման առաջ։ Քանզի հայր ու մայր անուանքը՝ նախասկիզբն արմատ են այլ ամէն անուանց, թագաւոր, իշխան, ժողովուրդ, ազգ. հայր ու մայր փարելի անուանց ծնողական շառաւիղներն են. որ նոյն միացեալ արմատէն եւ երկճըղի բնէն կը բուսնին եւ կը սփռեն աշխարհիս վերայ։
Տես դու, թէ քանի՞ յատկանիշ եւ խորհրդական նշանակութիւն ունին այդ աշխարհանազ անուանք. սէր, ծնունդ, կեանք, գորով, գգուանք, գութ, որդեսիրութիւն, խնամք, եւ այլն։ Երկու նորապսակ ամուսինք մինչ երբեմն իբրեւ զաւակ եւ սոսկ իրենց մկրտութեան անունով միայն կը կոչուէին. իսկ այժմ այդ անուանց վերայ կը յաւելուն նաեւ հայր եւ մայր կոչումն, զաւակ ծնանելով նոցա՝ ընկերութեան կեանքին մէջ կը բարձրանայ իրենց կոչումն եւ կը միանայ երկնաւոր Հօր հետը, որ տիեզերաց հայր եւ հեղինակն է, եւ որ զԱդամ հայր, եւ զԵւան մայր իբրեւ նախածնողը մարդկութեան կանուխ ծնաւ Դրախտի մէջ իւր նորաստեղծեալ արարչութեամբ։
Ո՜վ, ի՞նչ զարմանալի է. Երկինք ու Երկիրը ի միասին կը մշակեն ամուսնական եւ խորհրդական դրախտն։ Երկնից հայր երկնքէն կօրհնէ. սոքա երկրիս վերայ զաւակ կր ծնանին ու կաճին. այլ չը դիտեն թէ ո՞րպէս։ Լուռ լեր, բնագէտ, դու եւս չը գիտես այն խոր ու անյայտ օրէնքները, թէ ի՞նչպէս մանուկ իւր մօր յարզանդ կը նկարի ի մարդ եւ ո՞ր ձեռքն է, որ այդ չքնաղ պատկերը անհուն ձեւերու տիպով կը նկարէ։ Ամենայն ինչ բնական է, բնական օրէնքով է կասես, ու կը վճռես. որպէս թէ՝ այդ օրէնքները հրաշք չեն մեր տգիտութեան առաջ. կամ թէ այդ յաւիտենական օրէնքներուն վարիչ չիկայ, օրէնք