ինքնին կը հրաշագործէ։ Ո՛չ, այդպէս չէ, դու եւս խոնարհիր հպարտացող գիտութենէդ, եւ մեզ հետ խոստովանիր ու հաւատա. միայն Երկնից Հօր ձեռքն է, որ մանուկներու փոքրիկ հասակները ի վեր կը քարշէ. Երկրի ծնողք կաթն ու հաց կուտան. Երկնից Հայր բանաւորութեան լոյս եւ հանճարը, սոքա ձեռագործ ու շինովի հանդերձ կը պատրաստեն, իսկ նա բնական գեղով զարմանազան կը զարդարէ, սոքա մեծ աշխատութեամբ ուսումն եւ գիտութիւն կաւանդեն, եւ նա մանկան փափուկ ուղեղի մէջ խելքն ու հանճար կը զետեղէ։
Ահա այսպէս երկինք եւ երկիր միանալով մշտապէս կարարչագործեն մարդկութեան յարատեւող կեանքը. եթէ պահ մի դադրին դրախտի ընտանեաց մէջ այս արարչագործող եւ մշակող ձեռք՝ կեանքը կը մեռնի ու կը սպառի մարդն աշխարհէս։
Այսչափ մեծ եւ այսչափ բարձր է հարսին ու փեսային մայրութեան եւ հայրութեան կոչումն։ Երանի՜ թէ մտախոհ լինելով ճանչնային թէ յոր կոչումն նուիրուած են, եւ թէ ի՞նչ նպատակ ունի մարդոյն ամուսնութեան կեանքը։ Շատ ծանծաղամիտ ու կարճամիտ են նոքա, որ կը կարծեն թէ ամուսնութիւնը սոսկ մարմնոյ հաճոյք է, կամ խաղ ու զբօսանք եւ աշխարհիս շահավաճառութեան մէկ հաճոյական ձեւը. եւ կամ թէ բնաւ պէտք չիկայ հայր եւ մայր անուան, աշխարհիս վերայ սեպհական տուն եւ ընտանիք կազմելու, ամէն բան անորոշ անխտիր թող լինի, զաւակները՝ ժողովուրդին համարուին, ժողովուրդ մարդկութեան, եւ մարդկութիւն առ հասարակ աշխարհիս վերայ ապրի այնպէս, ինչպէս անտառին մէջ անասունք եւ երկնից մէջ թռչունք, որոց ոչ տուն, ոչ ընտանիք, ոչ տոհմական սերունդ, ոչ սեպհականութիւն կան, եւ այլն։
Նուաստ անասնաբարոյ եւ ամբարիշտ են այդ մոլորամիտ մարդիկ, որ այդպէս կը կարծեն, կը դատեն, ամուսնութեան, հայրութեան, մայրութեան եւ ընտանեկան իրաւունքները ջնջել բառնալ կուզեն մարդկային ընկերութենէն. այնուհետեւ այլ եւս զանազանութիւն չէր մնար խօսուն մարդոց եւ անխօսուն անասնոց մէջ։ Այդ մոլար կարծիքը՝ մարդոց կեանքը բանականութենէն կը հանէ. ընկերութիւն կեղծանէ, քաղաքակրթութիւն կը քանդէ. եւ կը թողու, որ մարդը լոկ իւր զգայական հաճոյքով վարի եւ ապրի։
Եթէ մարդոց կեանքը նուաստանար այդչափ, չիմանային