հայրութեան ու մայրութեան պատիւ. չգիանային թէ ի՞նչ է մարդոց կոչումն հոգւոյն անմահութիւն եւ բանականութեանց շնորհ, վաղուրեմն պէտք էր որ երթային գտնէին առիւծին անտառը եւ աղուէսին որջը. հարկ չէր մնար այլ եւս տուն շինել, ընտանիք կազմել, քաղաք հիմնել, ընկերական կեանք վարել, եւ այլն, որոց վերայ փոքր ի շատ է գրեցի Ամուսնութեան յօդուածին մէջ։
Երկու ամուսինք հայրութեան եւ մայրութեան կոչումէն յետոյ՝ ունին տակաւին իւրաքանչիւր այլ եւ այլ կոչումներ եւ պարտիքը. զորս կը թողում հետեւեալ գլխոց մէջ յառաջ բերել ըստ պատշաճի նիւթոցն. միայն աստ չեմ մոռանար յիշել, որ այդ երկու նորապատուաստ Արմաւենիքը պէտք է ամենոյն խնամով եւ անբիծ սիրով պատատեն զիրար, հարսն իւր համեստ քօղով, փեսայն իւր բաց ճակատով, եթէ մէկն արել է եւ միւսն լուսին, երկուքն եւս առանց ստուերական բծի պէտք է փայլին անարատ սիրոյն պարզ ճառագայթներով։
Հարսին հաւատարիմ նշանաբան եւ բուն բարոյական եւ արժանաւոր օժիտը սէրն է միայն, սէր, որ անխառն է, անկեղծ է, եւ արտաքուստ շպարեալ չէ. սէր, որ խանդակաթ սրտով ու հոգւով կը միանայ սերելոյ եւ կեանք պահելոյ համար, եւ այլ ուրիշ նպատակ չունի։ Աշխարհիս բոլոր ադամանդները. բոլոր զարդուց պերճանքները, բոլոր հարստութեան գանձերը թէ ի կշիռ բերես, ամուսնական սիրոյն հետը չեն հաւասարիր, երբէք արժանաւորութիւն չունին այդ նիւթական օժիտները բնական ու բարոյական սիրոյ օժիտին տեղը բռնել։
Հարսին նուիրական պարտիքն է, որ նիւթական օժիտէն աւելի հսկէ իւր բարոյական սիրոյ օժիտին վերայ, չտալ երբէք զայն՝ կողոպուտ, եթէ միանգամ կողոպտուեցաւ, այնուհետեւ շատ դժուարին կը լինի զայն դարձնել վերստին։ Նոր ամուսինը իբրեւ բարոյական ճարտարապետ պէտք է որ սիրոյ հիմն ամրապէս ձգեն, եթէ առաջին անգամ քանդուի, այլ եւս հազար օժիտ կարող չեն զայն հիմնել ու հաստատել:
Ամուսնական սէրն անգին է, անգիւտ է, եւ քան զմահ զօրաւոր է. իր կոչումը սուրբ եւ խորհրդական է, նրա պատկեր պարզ եւ մաքուր է. թող չաղարտեն նորա պայծառ երեսը սիրոյ այլանդակ վիպասանները։ Սիրոյ ճշգրիտ պատկերահան Սողոմոն է, վայելուչ է որ հարսն ու փեսան փոխադարձ սիրոյ