ձայնով երգեն առ միմեանս նորա խորհրդական երգը, զիս իբրեւ զկնիք ի վերայ սրտի քո, եւ իբրեւ զմատանի ի վերայ բազկի քո, վասն զի հզօր է սէր իբրեւ զմահ»։ Այո՛, հզօրագոյն է սէր երկու ամուսն աւոր սիրելեաց մէջ, երկու շնչով կը շնչէ, երկու ոգւով կ՛ապրի, երկու կեանքով կը զօրանայ. եթէ մին պակասի՞ սէր կը մեռնի, զի սիրոյ կեանքը երկու սրտից միութիւնն է։
Ուրեմն ամուսնացելոց մեծ կոչումն եւ պարտիքն այն է, որ երկուստեք կողմէն սիրոյ միացուցիչ վէմն անշարժ եւ անբաժանելի պահեն, ոչ ոք կարող է այդ վէմը շարժել, եթէ ինքնաշարժ լինելով չգլորի: Նոր ամուսնացելոց սէր գարնան եղանակն է. նորատունկ դրախտ է. ծաղկազարդ բուրաստան է. զոր ամենայն խնամով պէտք է կանաչ ու մշտադալար պահել. եւ չթողուլ երբէք, որ կամ ներքին ատելութիւն եւ կամ օտարաշունչ նենգութեան խորշակը փչէ ու խամրէ սիրոյ կանաչութիւնը. եւ թօթափէ ամուսնութեան դրախտի վարդի թուփն իւր սոխակովն հանդերձ. ինչպէս հին բանսարկուն Եդեմ դրախտին մէջ Աստուծոյ նոր ընտանիքը դաւաճանեց, մահ բերաւ աշխարհը։ Գիտնալ պէտք է թէ այդ բարակ սեւ օձն՝ սիրոյ եւ միութեան յաւիտենական ոսոխն ու թշնամին է։
Յիսուս սպաննեց հին օձն. բայց նորա օրինակին հետեւող արբանեակներն դեռ կը շրջեն աշխարհիս վերայ. եւ սողալով կը մտնեն ընտանեկան դրախտի հարսնարանը, թոյն թափելով հրապուրիչ լեզուով, սիրոյ կեանք եւ քաղցրութիւն ի մահ ի դառնութիւն կը փոխեն։
Ուստի ամուսնասէր փեսայն, որ ընտանեկան համեստութեան եւ հաւատարմութեան առաջին հսկող պահապանն է, եթէ կուզէ, որ ազատ մնայ օձերուն խորամանկութենէն՝ թող նախազգոյշ լինի յիշելով դրախտի պատմութիւն եւ արկածն, յորում այն պահուն մէջ Եւային կը մօտէր թելադիր օձն, երբ նա միայնակ կը շրջէր ու կզբօսնուր դրախտին դարաստանը ու կը դիտէր մի առ մի գեղազան ծառոց պտուղները։ Նա յայնժամ հրապուրեցալ, երբ տեսաւ մի նոր ծառի պտուղը, որ հաճոյ էր աչաց հայելոյ եւ գեղեցիկ ի տեսանել։
Աշխարհ իրաւունք կուտայ փեսային, որ իր հարսին ճանապարհը հսկելով շրջափակէ. այլ եւ պէտք է փակէ ու կապէ փեսային ճանապարհ եւ ոտքը. երբ նա արձակ է, ազատ է,