ջանկութիւն իւր ամէն հանգամանքներով թէ ի միասին գան՝ կարող չեն դառնացած սէրը յանուշութիւն փոխել։
Եթէ այսպէս եւ աւս չափ աղէտաբեր է ամուսնական սիրոյ մահն ու դառնութիւն. որ իբրեւ օձահար թոյն ամբողջ ընտանեկան կեանքը կը թունաւորէ. ուրեմն ով Հայոց հարսներ եւ փեսաները, ձեր մեծ կոչումն եւ հաւատարմութեան սուրբ պարտիքն այն է. որ անմեղութեամբ շրջիք աշխարհիս ընտանեկան դրախտին մէջ. խղճի արթնութեամբ խոյս տուէք այն ազատաշրջիկ մարդոց խորամանկութենէն. որ եթէ ուսեալ վիպասան են՝ դրախտի օձէն աւելի գիտեն խորամանկել, եւ եթէ ռամիկ ու գռեհիկ են՝ գիտեն չամաչել։
Եւ դուք մանաւանդ, հայոց գաղթական ընտանիք, որ քաղաքակրթութեան մօտ կապրիք, որ թերեւս մերթ կը յիշէք հին ատենի հարսներաց քօղն ու եօթնամեայ անխօս լռութիւն. եւ փեսաներու յոտին կացեալ գօտեպինդ բարեւն, որ պատրաստ կը կենայ սպասաւորելու համար թէեւ ազնուական լինի, չգիտեմ ձեզ ինչպէս կը թուի հայկական ընտանեաց այս կերպն, կը հաւնի՞ք թէ կարհամարհէք իբրեւ վայրենութիւն համարելով նոր գդարուս ազատ աշխարհին առաջ։
Այնպէս համարեցէք, ես կը լռեմ. բայց դուք կը հաւատայք, եւ կը կարծէ՞ք, որ ազատ աշխարհին ազատութեան ճշմարիտ զաւակներն էք։ Դու ծանիր զքեզ, եւ ես գիտեմ քո այժմեան կեանք եւ կրթութիւն. դեռ խանձարուրէն նոր ելար, ազատութիւն կը կանչես, դեռ գայթ ի գայթ գետնի վերայ ուղիղ քալել չը գիտես՝ ազատութեան չուանին վերայ ելեր կը ճոճա՞ս, չանելով ձեռքդ դաստիարակութեան այն ձողն ու կշիռ, որով կարենաս անկասկած խաղալ ազատութեան բարակ լարին վերայ։
Ուշ կը դնէ՞ք, Հայոց ազատասէր ընտանիք, ձեզ քանի մի խրատ տամ ու կնքեմ այս ճառը։ Չեմ խոսիր ձեզ, որ հին թանձր քօղ ձգէք նոր հարսին գլխուն վերայ, որ նա կորանայ ու չը կրնայ ազատութեան լոյս տեսնալ, եւ կամ ընտանեկան կեանքին մէջ կարկել խօսուն մարդոյ լեզուն, որ նա կամաւ համր լինի։ Չեմ ասեր որ փեսայն եւս գօտեբարեւ ծառայէ ստորակարգ սպասաւորի մի պէս։
Այլ այս միայն կասեմ քեզ, որ ծայրայեղ ազատութեան չուանէն վար իջնաս, դու ինքնին գիտես թէ վստահ չես տա-