Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/252

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

երբ ճշմարիտ ու հոգացող մայր է եւ լիովին կը ճանչնայ իւր մայրական պարտիքները։

Բայց իրաւունք կը պահանջէ, որ սա եւս խոստովանիմք. զի երբ կնոջ երկայնմտութիւն առտնին անձկութեան մէջ կամփոփի. այր մարդուն մտածութիւնը՝ խիստ կընդարձակի արտաքին զբաղանաց չարաչար հոգերով, չորս այնպէս կը տեսնուի փորձիւ, որ կինն անհոգ է եւ այս անհոգութեան համար չարաչար կը դատեն զինքն։ Սակայն ես խօսիմ, դու դատաստան արա, ուշիմ ընթերցող. կնոջ անհոգութիւնն ի բնութենէ է, թէ այր մարդիկ թողեր են, որ կինը անհոգ լինի ու չմտածէ, թէ ընտանեկան սրահէն դուրս ի՞նչ կայ աշխարհիս մէջ եւ ի՞նչ կը գործեն այր մարդիկ։

Ես այնպէս կը կարծեմ, որ կնոջ անհոգութեան պատճառը մեծ մասամբ այր մարդիկ եղած են, որ կամ այրական, ինքնահաւան հպարտութեամբ կնոջ կարեւորութիւն չտալովս նա սովորեր է անհոգ մնալ. կամ մեծամտութեամբ ստրկութիւն եւ նուաստութիւն կը համարին կնոջ խորհուրդ տալ, կամ առնուլ. եւ կամ օրուան ձախորդ անցքեր պատմել եւ ցոյց տալ իւր վիճակի կացութիւնը։ Թող այս, շատ անգամ սնապարծ լինելով՝ կնոջ անհոգութիւնը աւելի ընդարձակեր են։

Ուստի կինը իւր անհոգ վիճակէն հանելով ընտանեկան հոգածութեան մէջ կրթելու համար, այր մարդիկ պէտք է զայն արժանի համարին իրենց խորհրդակցութեան, ամօթ եւ նուաստութիւն չհամարին իրաց վիճակը ստուգութեամբ խօսիլ ու խոստովանիլ։

Եթէ այր մարդոց իրաւունքն է ընտանեկան ու առտնին գործոց վերայ խելամուտ լինել, միթէ կնոջ իրաւունք չէ՞ արտաքին իրաց վերայ տեղեկութիւն ստանալ ու գիտնալ թէ այլ մարդիկ ի՞նչ կը գործեն աշխարհիս կառավարութեան ու շահավաճառութեան մէջ։

Ստոյգ է որ առն եւ կնոջ իւրաքանչիւրին աշխատութիւնները յատկացեալ էն, զոր ի վեր անդր գրեցինք այլ համական խորհրդակցութեան մէջ երկուքն եւս պարտական են իրենց հաշիւները տալ. մին՝ վաստակին համար եւ միւսն՝ տնտեսութեան։ Առանց այս հաշւոյն երկու ամուսնեաց պարտուց եւ իրաւանց կշիռը կը շփոթի. 2ատ անգամ երկու կողմի պարտազանցութիւնք կը ծածկուին. այնուհետեւ այր եւ կին կը ջանան միշտ