կեղծելով զիրար խաբել. միշտ ներքին վիճակը իրարմէ պահել եւ առերեւոյթն ցոյց տալ։ Այլ մինչեւ յե՞րբ, կարօտութեան դժբախտ օր կը հասնի, նոքա կը ստիպուին խօսիլ. մին կը խոստովանի, թէ շահավաճառութեան մէջ կորսնցուցի, գանձարանին մէջ դրամ չի մնաց, եւ միւսն թէ տաշտին մէջ հաց չիկայ. մառանը պարպուած է. սնտուկիս միջի թանկագին օժիտներս վաղուց ծախած եմ, իմ այլ եւ այլ պէտքերս հոգալու համար։
Ուրեմն պարտազանց է այր, որ իւր կեանքի ու գործոց վիճակը թագուցանելով, չի թողուր որ իւր կենակիցն՝ իւր հետ հաւասար ընտանեկան կեանքին վերայ հոգածէ։ Պարտազանց է կինը, որ իւր ամուսնոյն հոգածութեան բաժանորդ չի լինիր։
Պարտազանց է այր որ հեղգ ու պղերգ է իւր բաժին աշխատութեան մէջ. որ կը մոռնայ ընտանեաց հացն, կամ կը դեգերի գինարբուաց հետը կամ իւր հաց անառակ կեանքով կը վատնէ ու կը զրկէ ընտանիքը։
Պարտազանց է կին, որ աշխատող ու ժրագլուխ չէ. որ իւր էրկան դառն քրտինքով վաստկած հացն՝ ուղղութեամբ ու խնայութեամբ չի տնտեսեր, այլ կամ նենգութեամբ խորելով եւ կամ զեղխութեամբ շռայլելով՝ յումպէտս կը վատնէ հացի առատութիւնը, երբէք չմտաբերելով թէ իւր ամուսինը քանի՞ տաժանութեամբ այդ հացն վաստկած է. զօրհանապազ ծովու եւ ցամաքի վերայ տքնելով տառապելով։ Ես չեմ յիշեր, թէ ի՞նչպէս նոքա երբեմն կը ստիպուին ընտանեկան պիտոյից համար անպատիւ միջոցները ի գործ դնել, շահավաճառական գործոց մէջ խարդախութիւն խառնել, եւ ընտանիքը թշուառութենէն ազատելու համար՝ ուրիշի ընտանիքը թշուառացնել եւ այլն։ Որք մերթ եւս կամ յուսահատ զգացմամբ. անձնասպան կը լինին, լաւ կը համարին մահուամբ խփել իրենց աչքը քան տեսնալ ընտանեաց ողորմելի կեանքն ու թշուառութիւնն։
Պարտազանց է այր որ իսպառ կը մոռնայ ծնողական գութն, տուն եւ ընտանիքը, մեռցնելով իւր խիղճն ու պատիւ. ի բաց կը թողու կենակից ամուսինը եւ ընտանեկան պարկեշտ կեանքը՝ կերթայ ու կապրի անառակ ընկերութեան հետը, կը վատնէ իւր ամէն ինչքր կեանք, պատիւ ու հարստութիւնը. վերջապէս վատթարութենէ ի վատթարութիւն երթալով՝ նա օր մի կը մեռնի օտար փողոցներու անկիւնը առանց ընտանեկան սը-