գոյ, ու չարժանանար փառաւոր թաղման ու հայրենի գերեզմանին։
Բիւրանիծից արժանի է այնպիսիէն, որ կուրանայ ընտանիքը․ զոր Պօղոսը՝ հաւատուրաց ամբարիշտ կը կոշէ։ Այո՛, այնպիսին հանապազ նզովք կընդունի ընտանեկան տաճարէն, որ կարճի այնպիսւոյն կեանքը, նա շուտ բարձուի աշխարհէս, որ նախատինք է ոչ միայն ընտանեաց, այլ մարդկային ընկերութեան։
Տակաւին շատ ու բազմապիսի են ամուսնական կեանքիւն մէջ առն եւ կնոջ իրաւունք, պարտք եւ պարտազանցութիւնք․ այլ մեք այսչափ միայն յիշատակելով շատ կը համարիմք եը կը թողումք, որ պակաս մնացելոց վերայ՝ կենակից ամուսինը ինքնին իմաստասիրեն․ ճանչնան ու գիտնան իրենց պարտիքները ու խորշին ամենայն պարտազանցութենէ։
ԺԱ․
ՄԱՅՐ ԵՒ ԴԱՅԵԱԿ
Մանկիկ դեռածին երբ կը ծնի յաշխարհ կուգայ, ո՛վ է նորա կաթնտու սնուցիչ․ ծնող մայրն է միայն, որ երկունք կրեց ու զայն ծնաւ։ Մայրական այս պարտիքը այնչափ պարզ ու բնական է ծնողական սրտին ու գորովոյն․ որոյ համար ոչ վարժապետ պէտք է, ոչ դաս․ բնութիւնը իւր բուռն սիրով կուսուցանէ զայն։ Մայրենի արգանդէն ի լոյս ելած տղեկը՝ առաջին անգամ աչեր բանալով իւր մայր կը տեսնայ, նա դեռ անլեզու, անբարբառ մանուկ է, կարող չէ իւր կարօտութեան փափագը բացատրել։ Իւր կարկամ լեզուն լացն է միայն, այդ անորոշ ձայնով նա ամէն բան կը խնդրէ․ կաթ, գգուանք ու խնամք։ Կաթը՝ իւր կեանքն է, գգուանք՝ խնամք՝ մայրական պարտաւորութիւնն է․ զորս մանկիկը միայն իւր ծնողէն կը խնդրէ, եւ ուրիշ ոչ ոք չի ճանչնար, մանուկ անզօր իւր իրա-