Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/255

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ւունքը լալով կը փաստաբանէ բանտարկուած խանձարուրին մէջ։

Եւ երբ փոքր առ փոքր կաճի ու կը զարգանայ մանուկն իւր նախաբարբառ ձայն՝ մայր անունը կը թոթովէ։ Անշուշտ այս անուան բնախօս ուսուցիչ մայրն է. ինչպէս նաեւ հայր անուան։ Ո՞վ, ո՞րչափ սքանչելի է բնութեան այս դպրոցը՝ որ գգուասէր մօր անուշակ գրկարանն է՝ մանուկը իւր քերականին առաջին դասը՝ այդ կենդանի բնութեան դպրոցէն կսկսի։

Ուստի ամուսնացող կին երբ զաւակ կը ծնի եւ մայր անունը կը ստանայ. ինչպէս նա եւ իւր այր՝ հայր անունը, այդ ինքնին յայտնի է բնութեան եւ աշխարհի օրինաց առաջ. թէ ինքն եւ իւր ամուսին են միայն իրենց զաւակաց ստացիչ եւ տէր։ Այս բնական իրաւունքէն անխուսափելի պարտիք մի կը ծնի ծնողաց համար եւ նոցա նուիրական պարտիքն է պահել, սնուցանել մանուկը կաթով, կերակուրով ու հանդերձով։

Այլ աստանօր միայն առանձին մայրական պարտուց վերայ պիտի խօսիմ, եւ կը թողում հայրական պարտուց մասն, որ սորա հետը կցորդութիւն չունին։

Մօր ու մանկան մէջ կամ ծնողին ու ծնելոյն մէջ այն օրէն պարտք եւ իրաւունք կսկսի երբ մայրն կը ծնի, մանուկն ի լոյս կուգայ։ Այո՛, այն օրէն պարտք եւ իրաւունքը մանկան հետը ի միասին կը ծնին. մանկան անդրժելի իրաւունքն է՝ կաթ խնդրել։ Եւ մօր բնական պարտքն է, կաթ տալ։ Վասն զի մեծագութ Արարչապետը միայն այդ պարտուց համար ամէն ծնող մօր կուրծքէն երկու ստինքները կախեր է, եւ քանի մեծ է Նախախնամողին հոգը. որ զկաթն մանկան հետ կը ստեղծէ ու այն պահուն կը սկսին մօր ստինքներուն երկու աղբերակները բղխել, կաթնածարաւ մանուկը իւր բերանը կաթի աղբերակներու դէմ կը բանայ։

Ուստի Աստուած եւ բնութեան անփոփոխ օրէնքը պարտաւոր կը կացուցանեն մայրը. որ իւր ծնած զաւակ ինքն իւր իսկական կաթով սնուցանէ։ Մայր մի կարող չէ այս պարտիքը եղծել, զոր թէ բնութեան օրէնք եւ թէ բնական սէր՝ անեղծ գծեր են մօր սրտին եւ կուրծքին վերայ։

Մայր մի եթէ մոռնայ այս ծնողական պարտիքր, եթէ եղծէ այս օրէնքր, այդպիսի մայր, անգորով, զրկիչ եւ պարտազանց է. թող թագուհի լինի, թող իշխանուհի, կամ քաղաքացի եւ շի—