նական, աշխարհիս ո՛ր կարգէն կը լինի թող լինի, նա կարող չէ արդարանալ, երկնից նախախնամութեան դատաւորին առաջ միթէ արժանի՞ է մի կին մայր կոչուելու, երբ ստինքները լի են կաթով, նա մանուկն՝ օտար կաթին եւ օտար գրկին յանձնէ. եւ կամաւ թողու, որ ցամքի ու կտրի բանատուր կաթն։ Չգիտեմ, աշխարհիս մեծատանց ոսկիներուն այդ մի ազնուականութեան շնորհ ու նշա՞ն է. որ մայրական այդ մեծ ու առաջին պարտիքը նուաստութիւն կը համարին, որպէս թէ ամօթ լինէր այն իրենց տիկնութեան եւ կամ թէ այնպէս կը դատեն թէ մանկան կաթ տալը՝ աղախնական պաշտօն է. եւ այդ ծառայութիւնը դիեցիկ դայեկներու համար է միայն:
Մարդկային ընկերութեան ընտանեկան կենաց մէջ եթէ անօրինակ զեղծումն մի կայ՝ այս է. եթէ զրկանք մի կայ, այս է. որով մայրերը բուն իրենց զաւակները կը հարստահարեն. եթէ բանաւոր մարդ անբան անասնոց առաջ կը նուաստանայ ու կամաչէ՝ այս է։ Վասն զի բնութեան իմաստուն Արարիչ ինչպէս մարդոյն՝ նոյնպէս բոլոր կենդանեաց համար գութը՝ հաւասար բաշխեր է։
Թող տեսնան մայրերը, որ առիւծն անտառին մէջ իւր կորիւն կը դարմանէ, կովն՝ իւր հորթիկ, մաքին՝ իւր գառնուկը, հաւ՝ իւր ճետերը, ճնճղուկ՝ իւր ձագերը, այլ եւս իրաւունք ունի՞ մայրն իւր կաթովը չի սնուցանել իւր զաւակը, որ իւր հոգւոյ հատորիկն է. կամ թէ շդարմանել այն հարազատ ծաղիկը, որ իւր ծոց էն բուսած է, իւր արմատին ծիլն է, ի՞նչպէս ձեռք է այն մօր ձեռք, որ կը քանդէ այդ մատաղ ծիլն իւր բնաբոյս արմատէն եւ զայն օտար արմատին հիւթով սնուցանել կուզէ։
Դիեցիկ մանուկը կը բողոքէ այս զրկանաց դէմ միայն յայնժամ ներելի կը համարուի մօր համար, երբ ինքն տկար, անառողջ է եւ կամ կաթին աղբիւրները ցամքած են։ Բայց այս պատճառներէն՝ չի կայ ուրիշ մի այլ զօրաւոր պատճառը, որ իրաւունք տայ ծնող մօր, իւր մանուկը ուրիշ մօր կաթով դիեցնելու. որոյ անունը դայեակ կը կոչուի, եւ ես ճիշդ կը հասկնամ այդ բառին նշանակութիւնը, որ է կաթ վաճառող կին։
Դայեակն եւս անշուշտ նորածին զաւկի ծնող է. ո՜հ, մի տառապեալ մայր է նա, որ անհնարին կարօտութենէն ստիպեալ իւր մանկիկն մի ուրիշ մօր կր յանձնէ նուազ վարձքով, կերթայ կը դեգերի մեծատանց տուները. որպէսզի իւր կաթն