աւելի գնով վճարէ, որ իւր մանկան արդար իրաւունքն է։ Ողորմելի որդեզուրկ կին պարտաւորեալ է իւր դայհակութեան վարձքէն՝ մի մասն վարձեալ կնոջ տալ, եւ մնացեալ մասովն՝ իւր ընտանեկան ապրուստ հոգալ։ Ձեզ կը թողում, Հայոց ճշմարիտ մայրեր, որ դուք դատեցէք, այս երկու մայրերէն որն է աւելի յանցապարտ. կարօտագին դայեա՞կ, որ առ չքաւորութեանն՝ իւր կաթը կը վաճառէ, թէ հարուստ տիկին, ու սնուցիչ կերակուրներէն լիանալով ու յափրանալով՝ թաթաղուն զեղուն լցուած ստինքները աղբիւրի պէս կաթ կը հոսեն, այլ անխղճաբար կը խցէ այդ կաթնաբուխ ակներր։ Բարեսիրտ տիկին երկու զրկանք ի միասին կը գործէ, զրկանք մի իւր բնածին մանկան, զրկանք մի եւս դայեկին մանկան՝ որոյ բաժին կաթն դրամով կը գնէ։ Ո՜հ, աղքատիկ մօր կաթն՝ իւր խեղճ տղեկին կեանքն է, արդեօք տիկին մայր՝ իւր մանկան կեանքը չը՞ զոհեր։ Այո՛, այսպէս է աշխարհիս դատաստանը, երբ հզօրներր զանզօրը կը ճմլեն, զարմանք չէ, որ տիրոջ եւ տիկնոջ մանուկը նոյնպէս խանձարուրէն սկսի յաղթահարել ու ճնշել ծառալին դայեկամօր մանուկը։
Աւա՜ղ, եւ ա՜հ, որչա՞փ անբնական, որչա՞փ անգթական, եւ որչա՞փ անարգ ու դժուարատար է դայեկին կեանքն ու վիճակը, որոյ մայրական սիրոյն եւ գորովոյն վերայ կը բռնանայ թշուառութիւնը մինչեւ կը ստիպուի դժբախտ կինը թողուլ իւր արգանդին ծնունդն եւ երթալ անասնոց կաթի պէս վաճառել իւր կաթն, որով թերեւս կարենայ երկու կեանքը միանգամայն պահպանել, եւ մերթ եւս իւր ամուսնոյն կեանքը. որ կամ ծոյլ եւ անաշխատ կեանքի մէջ անպիտան է եւ կամ ընտանեկան պարտիքները մոռացող մոլորամիտ մարդ է, որոյ աչքը կնոջ ձեռքն է եւ կը սպասէ նորա վաստակով ու հացով ապրիլ։
Թողումք այս պարագաները, որ տկար կնոջ համար շատ ծանր ու դառն են, աւելի դառնագոյն պարագայ մի կայ, որ ի ներքուստ կը տանջէ մանկամայր դայեկին սիրտն ու ոգին։ Ո՜հ, բնական ու մայրական սիրոյն գորովն է այն, որ հանապազ կը մորմոքէ, կը կտրտէ ծնողական ադիքները, երբ կը տեսնալ օտար մանուկ իւր գիրկը, անդէն երեւակայութեան մէջ կը յիշէ զայն որ իւր մայրական կաթէն ու գրկէն զրկուած է։ Նա կենդանի մայր է, քար չէ, այնչափ կը վշտակրի ու կը դառնանայ