սրտին ցաւոց մէջ. որոյ անհարին դառնութեան չափը՝ միայն մօր սիրտ կարող է զգալ ու չափել։
Ով որ մայր է թող հետաքրքիր լինելով առանձին քննէ, փորձէ դայեկամօր ցաւակիր սիրտը, թէ ի՜նչ են նորա տխուր մտածմունք, թէպէտ նա արտաքուստ ուրախութիւն կը կեղծէ, զուարթ կերեւի, գուրգուրալով կը փայփայէ զմանկիկ, տիկին կը հաւատայ թէ իրօք մայրական սիրով կր սիրէ, չգիտէ թէ խեղճ գայեկին սիրտը արիւնով ու ցաւով լցուած է։ Մայրութեան եւ որդեսիրութեան բուռն գորով միշտ կը յուղեն նորա սիրտը. եւ կը շարժեն նորա ոգին, որ իւր բնածնունդ զաւկին ոգիէն կախուած է. ամէն վայրկենի մէջ կը յիշէ ու կը դառնանայ։
Այլ պատմեմ իբրեւ վկայ եւ ապացոյց ասացածիս, ինչ որ մի գիտող եւ բարեսիրտ տիկին պատմեց ու ես լսեցի։
Մի օր մանկամայր տիկին դայեկին սենեակ կը մտնէ այն պահուն՝ երբ նա տղուն կաթ կուտար, եւ կը տեսնայ որ դայեկին աչքերէն կաթ կաթ արտասուք կը հոսին մանկան երեսին վերայ։ Կը հարցնէ տիկին, թէ ինչո՞ւ համար կուլաս եւ ի՞նչ է պատճառ։ Դայեակը թէեւ առաջին անգամ ծածկել կուզէ սրտին ցաւը. բայց երբ կը ստիպէ տիկին նա կը պարտավորի խոստովանիլ։
Ինչպէ՜ս խօսիմ. տիկին, եւ ի՞նչպէս բացատրեմ սրտիս դառնութիւնը՝ կը պատասխանէ դայեակը, անմայր մանկիկս յիշեցի եւ կուլամ. եւ միշտ կուլամ քեզմէ գաղտնի եւ առանձին. մի գուցէ տեսնաս եւ կարծես, որ ցաւակիր մօր սիրտը կը դառնացնէ կաթին քաղցրութիւնը. եւ կամ այս աղի արտասուաց կաթիլները. որ կայլակելով աչքէս կը թափին մինչեւ. ի կուրծքս, եւ մանուկը կը ծծէ զայն կաթին հետը։ Կաղաչեմ, մի զայրանար տիկին, գայեկին կեանքր թշուառ է. ամէն ժամանակ երբ կը յիշեմ ու կը մտաբերեմ. թէ իմ վարձակալ դայեակը՝ զաւկիս կաթ կուտա՞յ, թէ իւր զաւկին համար իմ զաւակս կը զրկէ՛ վասն զի մի քանի տարի յառաջ, մի սիրական զաւակս կաթնազուրկ մեռաւ: Գիտէ՛ք, տիկին, այն կիները, որոց մեր զաւակները յանձնելով՝ մեր տնէն տեղէն կը հեռանամք եւ կուգամք ձեր զաւակաց համար կաթնտու կը լինիմք. ա՜հ, այդ անկարեկիր կիները միթէ մօր պէս կը խնամեն մեր զաւակները։ Ո՜չ, շատ անգամ կաթնակարօտ կը մեռցնեն. երբեմն