եւս ծանր քան լինելով՝ խեղճ տղեկը կամ օրօրոցին մէջ լալով՝ եւ կամ անկողնոյ մէջ շնչարգել ընելով կը խեղդեն։ Չեմ յէշեր, որ մերթ եւս իսպառ անհոգ լինելով առանց հսկողութեան կը թոգուն մանկիկը՝ որով այլելայլ վտանգներ ու կը պատահի:
Բայց իրաւունք չունիմ այսչափ մեղադրել այդ կարօտաւոր կիները, որոնք մեզ պէս թշուառ են, աղքատութեան ու չքաւորութեան աղագաւ կը պարտաւորին երկու դիեցիկ երախաներն միանգամայն սնուցանել. որպէս թէ երկուորեակ ծնած լինին։
Վշտամայր դայեկին խօսքերը եւ իւր արտասունը շատ եւ կարի սրտառուչ են, որուն վերայ մարդ կարեկցելով պէտք է խորհրդածի. եւ առաւել պէտք է տիկին մայրերը զգան եւ խորհրդաքծեն. թէ քանի՞ գառն ու դժուարին է սնուցիչ դայեկին վիճակն. երբ նա հանապազ կաղեկիզի իւր զաւակին սիրով։
Երանի՜ թէ այդ բարեսիրտ տիկին հետաքրքիր լինելէն յետոյ, իւր մայրական սրտով ու գորովով դայեկին գորովը չափէր, գիտնար ու հաւատար թէ նա եւս իւր պէս մայր է, սիրտ ունի, աղիք ունի, որ կը գալարի միշտ յիշելով իւր հոգւոյ հատորիկ զաւակը. եւ մայրապէս կարեկցելով՝ դայեկին մանկիկն եւս բերել տալովս իւր զաւկին հետը սնուցանել տար. եւ յայնժամ ազնուամիտ տիկին՝ տիրապէս առաքինի մայր կը հանդիսանար ընտանեկան կենաց մէջ։
Ես չգիտեմ. գթասիրտ տիկնայք կարո՞ղ են մի անգամ փորձել. թէ երբ դայեկին համար այս մեծ շնորհ լինի, ի՞նչ ազդեցութիւն կընէ նորա սրտին վերայ։ Ինձ այնպէս կը թուի, որ դայեկին սիրտը յայնժամ մեծ երախտագիտութեամբ կը լեցուի, զուարթ եւ ուրախ ոգւով, ամենայն հաւատարմութեամթ խնամ պիտի տանի տիկնոջ զաւկին. չէ թէ միայն վարձուց համար, այլ առաւել իւր զաւկին սիրոյն համար, զգուշանալով որ երբէք տրտունջի պատճառ չը տայ, մի՛ գուցէ սորա համար իւր սիրական զաւակը աչքէն հեռացնեն։
Խնդիր է եւ այս, թէ երբ դայեկին սիրտը ուրախութեամբ կը զեղու, արդեօք այս բարոյական սրտահաճոյ վիճակ՝ ազդեցութիւն չընե՞ր նորա կեանքին եւ առողջութեան վերայ եւ հետեւապէս կաթին շատութեան եւ զեղման։ Սոյն կէտն եւս կը թողումք բմշկաց, թող նոքա վճռեն։
Գիտեմ, այս անսովոր կարեկցութեան դասը խիստ դժուա-