րին կը թուի ազնուական տիկիններուն. որք թերեւս զրկանք համարին իրենց զաւակաց համար, կամ թէ այնպէս կարծեն, որ մի առողջ եւ առոյգ դայեակը կարող չէ երկու մանկիկը ի միասին սնուցանել։
Առ այս ես կը լռեմ, բնութիւնը թող պատասխան տայ. որ շատ անգամ մի մօր երկու զաւակներ կը մնին. երկուքն եւս՝ մի մօր կաթով կապրին ու կը մեծնան. եւ միթէ Նախախնամութիւնը չէ՞ նախատեսեր, որ երկուորեակ ծնածներուն կաթ թալելու համար՝ երկու ստեանց աղբիւր բացեր է մօր սրտին վերայ եւ երկու կաթնաբուղխ պտուկները կախեր է նորա կուրծքէն։
Քաջայայտ է ինձ, որ այս դժուարալուր խորհրդածութիւնը՝ զառանցանք կը համարուի արդի ժամանակին եւ ընտանեկան փափկութեան առաջ. այլ մեր փափաք եւ սկզբունքն է, որ բնական օրէնք տիրէր, Աւետարանին գթութիւն թագաւորէր. երբ աշխարհիս վերայ այնպէս կը կարծուի, որ այր մարգոց գութը նուազ էւ գոնէ տիկին մայրերը գթած լինէին ու ճանչնային իրենց մայրական պարտիքները։ Ամէն մայր ու ծնողը իւր զաւակ սնուցանէր այն կաթով, եւ այն սիրով, զոր Նախախնամութիւնը մի միայն ծնողական անհրաժեշտ պարտիքը հաստատեր է։ Պարտազանց է ամէն ծնող, եթէ այս պարտիքը խղճի մտօք չի կատարէ։ Թող չի խոժոռին Հայոց տիկնայք. մենք չենք ասեր, որ դայեկութիւնը մեր ընտանեկան կեանքէն իսպառ բարձուի, հարուստ, ազնուական ընտանեաց մայրերը կաթնտու լինին, այլ այս խօսիլ կուզեմք, երբ փափկասուն կեանքը մոռցնել կուտայ այդ պարտիքը, գոնէ դայեկաց վիճակը՝ արժանի համարին իրենց կարեկցութեան, որ կին է, աղքատ ու ցաւած, մայր մի է իրենց պէս։
Այլ որովհետեւ աղքատութիւնը բռնաւոր է, աշխարհիս ամէն չքաւոր ընտանիքները կը պարտաւորին նորա լծոյն տակը խոնարհիլ։ Աղքատութիւնը ոչ միայն այր մարդիկը ի ծառայութիւն կը վարէ. այլ եւ կիներ ու մայրերը, որք յակամայից կը պարտաւորին թողուլ իրենց լծակից ամուսին եւ անուշիկ զաւակները, ու երթալ ազնուականաց դռները դեգերիլ, որպէսզի աղախին լինին, դայեակ լինին, իրենց եւ ընտանեաց կարօտութիւնը լեցնելու համար։
Այսպէս երբ աղքատ ընտանիքները առ յոյժ կարօտութեան