թէ՝ Հայրիկդ ղրկած է, դու էլ կը հարցնէիր, Մայրի՜կ, հայրիկս ե՞րբ պիտի գայ Պօլսէն, դու խեղճ միամիտ մանկիկ էիր, տէիր թէ Թորոս Պօլսէն չպիտի գայ։ Մի ժամ անակէն յետոյ Թորոսէն թուղթ եկաւ, որ կը գրէր թէ, «հիւանդացայ, գեղացիներս զիս տարին դրին հիւանդանոց»։ Դու չես յիշեր, թոռնիկ, երբ Պապիկ Մայրիկիդ հետ կուլար ու կողբար Թորոսին մահ, դու կը հարցնէիր, թէ ինչո՞ւ կուլաք Պապիկ եւ Մայրիկ. մեք չուզեցինք ասել քեզ թէ Թորոս հայրիկիդ համար կուլանք, որ մեռած է ի Պօլիս։
Դու կը կարծես Թոռնիկ թէ՝ միայն այն օ՞ր լացի, ո՜չ. ես երբեմն առանձնացած կը շարունակեմ նոյն ողբն ու լաց, երբ կը յիշեմ Թորոսին մահն ու յիշատակն, դու չգիտես թէ այդ քաղցր անուն ի՜նչ անցեալ բաներ կը բերէ մտքիս մէջ. իմ մեծ պապս կը պատմէր թէ ուրիշ Թորոսներ ծնած են մեր տնէն, ամէնքն եւս ժուռ ու մուռ մեռած են եւ մէկն էլ Պարսից արշաւանքն մեր գիւղի վերայ գալով գերի վարած է։
Խոստովանիմ քեզ, Թոռնի՜կ, այդ պանդխտութեան ճամբան, նախ ես բացի մեր խեղճ Թորոսին առաջ. նա կը տեսնար թէ ինչպէս բանիցս անգամ Պօլիս երթալով գալով, Աստուած յաջողութիւն կուտար բաւական գումարներ վաստկելով կը դառնայի։ Բայց դու գիտե՞ս, թէ ի՞նչ մեծ նեղութեամբ դառն քրտինք թափելով մեր պանդուխտ եղբայրներ դրամ կը վաստկեն։ Մի օր չեմ մոռնար, երբ ութ հոգի կտրիճ բեռնակիրներս մի ահագին պալեա ձողիներու զարկած կը տանէինք, Պօլսոյ նոր խանի դարու վեր, քրտինք ծնծնալով մեր ճակատէն ճողճող կը վազէր, մեր երեսէն կիջնար ու կը թրջէր մեր բացուած կուրծք. տեսանք որ Հայրիկ մեր դիմաց կուգայ, պալեան վար դրինք կեցանք: Հայրիկ ողջոյն տուաւ մեզ, հարցուց մեր որպիսութիւն, մէջերնին ես համարձակ էի, ասի. Հայրի՜կ, ահա մեր որպիսութիւն, բեռներու տակ ընկճուած կը հեծեմք եւ կը թափեմք մեր դառն քրտինք այս քարայատակներուն վերայ։ Ես նայեցայ որ Հայրիկին աչքեր լեցուեցան, ասի մտքիս մէջ, թէ մեր վիճակին ու մեր ճակատին քրտանց դէմն՝ Հայրիկն իւր աչքի արտասունքով կը պատասխանէ։ Այո՜, Հայրիկ մի կարճ պատասխան տուաւ, խեղճ զաւակներս, ասաց, այդ բեռն պիտի կրէք մինչեւ կարդալ գրել սորվէք, մինչեւ ճանչնաք ձեր գեղին ու հողին արժէքը, ուր եթէ թափէիք ձեր այդ չափ աշխատութեան