կը մոռնան իրենց երկանց զաւակները։ Միւս կողմէն եւս նոր աշխարհի նոր ժամանակի փափկասուն տիկինները ճշմարիտ մայրութեան պարտիքները կը մոռնան իրենց արգանդին ծնունղն սնուց անելու անգամ մեծ ձանձրոյթ կը զգան, որպէս թէ մայրական խնամատարութիւնը՝ նուաստ եւ անպատիւ ծառայութիւն լինէր։
Երբ ընտանեկան մայրերը բուն ծնողական եւ բնական այդ պարտիքէն կը խորչին, այլ եւս ի՞նչ կը մնայ իրենց աշխատութիւն։ Լո՜ւր որ պատմեմ քեզ, նոքա գիտեն անաշխատ կեանք վարել եւ երբէք չը ձանձրանալ, որոց վերայ տիրեր է առհասարակ հեղգութիւն, մեղկութիւն, պարապ եւ ունայնախօս ընկերական կենակցութիւն. նոքա գիտեն անժամ այցելութիւններ մտածել, զբօսասիրութիւն հնարել, եկեղեցին երթալ, չէ թէ Աննայի ջերմեռանդութեամբ աղօթելու համար, այլ աւելի ցոյց տալ զիրենք, զիրար տեսնալ եւ բամբասանաց նիւթեր ժողովել։ Թողունք այս, միթէ այդպիսի մայրերը աշխատութիւն չե՞ն համարիր իրենց համար, ժամանակի շռայլ զեղխութեան մէջ սիրտ եւ հոգի մաշել, անձնատուր եղած են, այլ եւս ո՞ւր կը մնայ տիկնութեան եւ մայրութեան պարտիքները յիշել, տուն հոգալ, զաւակները բուն մայրական կաթ ջամբելով սնուցանել եւ այլն։
Հապա ո՜վ դուք, Հայոց ազնուական տիկնայք, ես կը փափաքիմ, որ դուք ձեր բարեկեցիկ կեանքին մէջ՝ ձեր մայրական պարտիքները դարձեալ չի մոռնայք երբ ձեր այրերէն ոմանք ժողովուրդ կը հարստահարեն, դուք եւս աղքատ մայրերը չի հարստահարէք, նոցա զաւկին կաթը յափշտակելով։ Դուք ձեր խիղճը մի խաբէք ու ողողէք թէ կաթին գին կամ դայեակին վարձքը կը վճարէք, գիտցէք ստոյգ այդ վարձքը թէ բիւր անգամ աւելի վճարէք, կաթին փոխարէն չէ։ Եւ միթէ կը կարծէ՞ք. որ աղքատ մօր կաթն այնչափ աժան է, երբ դուք ձեր կաթն՝ նոյն իսկ ձեր զաւկին կը խնայէք։
Ես կը հաւատամ, որ մայրերը ի բնութենէ փափուկ սիրտ եւ խիղճ ունին, զգուշացէք որ զայն չի խեղդէք փափուկ կեանքի փուշերուն մէջ, զգուշացէք որ դայեկին զաւակը՝ կաթնասովէն մեռցնել չի տաք. եթէ երկիւղած ու ճշմարիտ մայրեր էք՝ պէտք է երկնչիր ու յիշէք, որ այդ աղքատ ու տառապեալ մօր տէր ու դատաւոր կայ, որ մի՛ գուցէ նորա զաւկին զրկանաց արիւնը ձեզմէ խնդրէ եւ դուք յայնժամ պարտական ու պա-