Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/262

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տասխանատու մնաք։ Այլ ես կաղօթեմ, որ դուք ճշմարիտ մայրեր լինիք եւ ազատ մնաք այս դատաստանէն:


ԺԲ.

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

ԶԱԻԱԿԱՑ

Ընտանեկան կամ առտնին դաստիարակական վարժոցին մէջ ո՞յք են այն բնախօս եւ մեծ վարժապետները. որոց ի բնութենէ յանձնուած է իրենց զաւակաց կրթութեան հոգատարութիւնը:

Այդ՝ աշխարհ գիտէ. եւ բնռւթիւնը ինքնին կուսուցանէ, թէ ընտանեկան դպրոցին մէջ օտար մանկավարժ չի կայ, այլ միայն նոքա են հեղինակ ու դաստիարակը, որոց պատկառելի եւ քաղցր անունը՝ հայր եւ մայր կը կոչուի։

Այո՛, մանուկները մի ճշմարիտ եւ նախախնամող բարի հայր եւս երկնից մէջն ունին, որ զիրենք կը ստեղծէ եւ կը բերէ ի լոյս. երկնքէն անձրեւ եւ արեւ, երկրէն հաց եւ ջուր բաշխելով՝ կը պահպանէ եւ կը սնուցանէ մանուկներու կեանքը. նոքա կաճին ու կը զարգանան, եւ մեք կը զարմանանք տեսնելով, որ տհաս մանուկը՝ հասակաբարձ մարդ եղաւ։

Ուստի արդար չափով չափենք ու բաժնենք երկնից Հօր խնամք եւ ծնողաց պարտիքը։ Արդ երբ շունչ եւ կեանքը երկնից Հօրն է, սքանչելի պատկերն ու կերպարանքն՝ երկնից Հօր, արեւ, անձրեւ, հաց եւ ջուր, երկնից Հօր. հասակն եւ աճումն երկնից Հօր. այլ եւս ի՞նչ կը մնայ երկրաւոր Հօր եւ մօր բաժինն, եթէ ոչ միայն դաստիարակութիւն։

Եւ ի՞նչ է ծնողական դաստիարակութիւնը, ուրիշ ոչինչ, այլ միայն կոյր ծնուած զաւակներուն աչքը դէպ ի բարին բանալ, սիրտն ու ոգին առաքինութեամբ կրթել. որպէս զի աշխարհը տեսնան, մարդոյն կեանքը տեսնան, լոյս ու խաւարը որոշեն.