բարին ու չարը ճանչնան. եւ մեծ քան զամէն՝ զԱստուած ճանչնան ու հաւատան, կրօն եւ ճշմարտութիւն ընդունին։
Եւ իրա՞ւ է արդեօք որ մանուկներն առ հասարակ կոյր կը ծնին, ո՞չ ահա կը տեսնամք որ պայծառ աչեր ունին. կը տեսնան ու կը խաղան հրապարակներու մէջ։ Եթէ մանուկներն ի ծնէ կուրին պէս աշխարհ կուգան. այլ եւս ի՞նչ մեղադրութիւն կայ իրենց ծնողաց. միթէ ծնողք կարո՞ղ են Յիսուսին պէս ձեռք դնել եւ հրաշագործելով կոյրերը լուսաւորել։
Այդպէս է, հայրեր ու մայրերը հրաշագործ չեն, նոքա կարող չեն մարմնով կոյրերը բժշկել, այլ մեր խօսքը՝ մանուկներու մտաւոր կուրութեան վերայ է, որոց բժշկութեան լոյսը՝ ծնողաց դաստիարակութեան ձեռքն է. եւ այդ ձեռքը՝ պարտաւոր է, որ անդուլ անդադար գործէ ընտանեկան կեանքին մէջ. եւ մշակէ նորա դարաստանին նորատունկ ծաղիկները։ Այդ ձեռաց պարտիքն է այո՛ որ խլէ մանուկներու սրտէն անպիտան եւ խոտան բարքը, սերմանէ ու տնկէ նոցա տեղը ճշմարիտ բարին եւ օգտակարը։
Մենք կը հաւատամք. եւ Դաւիթը կը վկայէ թէ Աստուած առանձին առանձին կը ստեղծէ մարդոց սիրտերը, եւ նոցա գլխոյն մէջ կը զետեղէ հանճարոյն ամանը։ Բայց գիտենք նաեւ, որ այդ կենդանի ամանը ի սկզբան դատարկ է, երբ մարդը մանուկ է ու տղայ. եւ ո՛վ կը լեցնէ առաջին նուազ այդ անբաւ դատարկութիւնը, թէ բարի եւ թէ չար գաղափարաց նիւթերովը յայտ է թէ այդ պարապ ամանին մօտ ու մերձաւոր ձեռքը՝ միայն ծնողաց ձեռքն է. ինչ որ ուզեն՝ զայն կարող են լեցնել, եթէ բարի եւ եթէ չար։
Ահաւասիկ սկիզբն աստի է բարւոյն ու չարին. ապա թէ ոչ ուստի՞ կը յաւելուն բարի ու չար մարդիկը մարդկային ընկերութեան մէջ։ Միթէ դոցա սկզբնական աղբիւրը ընտանեկան կեանք չէ՞։ Ես վկայ ունիմ ու կը բերեմ աստ Յիսուսի վճռական բանը, որ մարդոյն սիրտը՝ բարի եւ չար գանձուց աղբիւր կը համարի. «Մարդ բարի, ի բարի գանձուց սրտի իւրոյ բղխէ զբարի, եւ մարդ չար՝ ի չարէն բղխէ զչար»։
Ուստի մարդ ինքնին կարող չէ մակաբերել, թէ մարդ իւը մանկութենէն սկսեալ իւր սրտի գանձարանին մէջ հետզհետէ կընդունի թէ բարին եւ թէ չար. եւ զոր ինչ ընդունած է նա-