խաբ լինելով՝ թէ այդ ընտանեկան դարաստանը բախտաւոր ու երջանիկ է, կանցնին մօտէն եւ երանի կուտան, տեսնելով զայն իբրեւ Լիբանանու անտառը բարձրացած։ Կանցնին եւ ապա յետս դառնալով կը դիտեն՝ որ այլեւս ոչ գոյ։ Ընտանի շառաւիղներն արմատովին խլուած են, մեծագանձ փարթամութիւնը՝ վատթար կեանքի մէջ փճացեր է, հայրենի շէն տուն՝ անշէն աւերակ դարձեր է. եթէ մնացեր է մի մնացորդ ճիռ, այն եւս աւերակ տան փողոցի անկիւն նստած հաց կը մուրայ. անցորդներուն առաջ վկայ լինելով՝ թէ ես քանդեցի հօրս տուն։ Այս է ահա վախճանը անդաստիարակ զաւակներուն, եւ այս է արդիմեք եւ պտուղը նիւթապաշտ եւ անհոգ ծնողաց։
Ո՜վ կը հաւատայ թէ աշխարհիս թշուառ աղքատները՝ ամէնքն եւս դառն ու դժբախտ դիպուածներ էն մուրացիկ եղած են։ Ո՜չ, այդպէս չէ, մարդիկ կը պատմեն ու կը վկայեն, եւ ես նոյն իսկ ներկայ կեանքին մէջ կը տեսնեմ ու կը ճանաչեմ զիրենք, որ հայրենի տան ապարանից բարձր պատշգամէն իջեր խոնարհեր են մինչեւ գետնի փոշիի վերայ, չորաբեկ մի կտոր հացի անգամ կարօտ մնալով։ Անշուշտ նոքա այդ անբախտ վիճակին հասնելով՝ անագան ուրեմն կուշաբերին, ինչպէս այն կրասեր անառակ որդին, զոր ի դէմս մեր բերելով կը խօսի Յիսուս, եւ կամ թէ այն չարաժառանգ զաւակը, որոյ համար կը պատմեն հին իմաստասիրաց բանքէ թէ հայրենի տան բազմագան՝ հարստութիւն շռայլաբար վատնելով՝ մի օր առուի եզերք նստած չորաբեկ ու ցամաք հացը ջուրի մէջ թաթխելով պարկեշտաբար կուտէր Սոկրատ բարոյական իմաստասէրը հոն պատահելով՝ կը դիտէ եւ կըսէ այս բանը. «Պատանի դու, եթէ այդպէս կեցեալ էիր, այժմ զխորտիկս ճաշակէիր»։
Աշխարհիս ընկերական հրապարակի մէջ, ջուրերուն եզերքը որչա՞փ կան այնպիսի ապերջանիկ զաւակներ, որք իրենց շռայլ կեանքին երեսէն ազնուական բարձրութենէն ի թշուառութիւն խոնարհեր են, որով իրենց հայրենի տան տոհմական փառք իրենց վերայ կը վերջանայ։
Այսպէս է, մշտապէս վառ չի մնար տան ճրագ, եւ կր շիջանի շուտով երբ դաստիարակութեան լուսով վառաած չէ։ Ուրեմն զաւակաց ապագայ կեանքը՝ ծնողաց դաստիարակութենէն կախումն ունի։ Եթէ ի սկզբան մատաղ զաւակները բարի եւ ուղիղ դաստիարակութիւն ստացած են այլ եւս տարակոյս չի