դաղատի. անձն՝ անձինք եւ հոգին՝ հոգւոյն փոխան տայ, ինչպէս ծնողք։ Ուստի ծնողական սիրոյ այս մեծ իրաւունքը, նոյն փոխադարձ սէր կը պահանջէ զաւակներէն. զոր սրտի մտօք պէտք է հատուցանեն ու պարտական չի մնան։
Ճանաչել եւ հպատակիլ պէտք է, ընտանեկան կենաց եւ առտնին փոքրիկ թագաւորութեան մէջ՝ քանի՞ բարձր ու փառաւար է ծնողաց իշխանութեան աթոռ, թէպէտ եւ ստրուկ լինին նոքա, աղքատ լինին եւ իբրել անքաղաքացի շինական խրճիթին մէջ ապրին, դարձեալ միշտ մեծ են ծնողք, որ քաղցր եւ անբռնադատ սիրով կը հրամայեն, որոց կամակատար հնազանդութիւն մատուցանել արժան է, ինչպէս տիեզերք Աստուածպետական աթոռին առաջ։ Չկայ բնաւ օրէնք եւ իրաւունք մի որ զաւլակներ ազատ եւ անհնազանդ կացուցանէ ծնողաց բնական եւ պարտաւորիչ իշխանութենէն, բայց միայն հաւատք, Խաչ ու Աւետարանը, որ իւր հաւատացեալները յԵկեղեցի կը կոչէ. թողուլ եւ մերժել հարկ է յայնժամ ծնողաց սէր եւ հրամանը, Յիսուսի առաւել սիրոյն համար, ըստ այնմ՝ թէ որ սիրէ զհայր կամ զմայլ առաւել քան զիս, չէ ինձ արժանի։
Ճանաչել պէտք է նաեւ թէ որդիքները որչա՞փ երախտապարտ են առ ծնողս, որք ոչ միայն երկանց վիշտերով ծներ են զիրենք՝ այլ եւ բազմադիմի չարչարանքներ, տառապանքներ, եւ կարօտութիւններ կրելով՝ պահեր ու դարմաներ են զիրենք, որոց տրիտուր եւ փոխարէն պէտք է հատուցանեն որդիք երբ ծերութիւն կը հասնի ծնողաց վերայ, կամ մերթ եւս տարաժամ հիւանդութիւնք եւ փորձութիւնք կը շրջապատեն զիրենք։ Այս դառն տառապանաց մէջ ո՞վ մխիթար պիտի լինի ծնողաց սրտին, եթէ ոչ զաւակները՝ որոց անհրաժեշտ պարտականութիւնն է, ամենայն սիրով դարման տանել ծնողաց մինչեւ գերեզմանին դուռը, եւ ձեռքով ի հող դնել նոցա խոնջեալ գլուխ եւ աշխատեալ անձն։
Բարեծնունդ եւ օրհնեալ զաւակները մինչեւ ցվախճան ծնողաց ամէն պարտիքները կատարելու միշտ յօժարափոյթ են. բայց արդի ժամանակիս Հայոց ընտանեկան կեանքին մէջ կերեւին շատ անգամ անխրատ, ապիրատ, անգութ, աննուէր, ստահակ, անհաղանդ ծնողաց, անհաւան եւ անառակ զաւակները, որք հօր եւ մօր անկշիռ երախտիք, խնամք, գութ եւ սէր ոտնահարելով՝ ինքնամերժ կը լինին հայրենի տունէն, ուր որ մա-