լեկան կիրք տիրենք կը վարկ։ Նոքա անձնատուր կը լինին վատաբարոյ ընկերաց եւ կը վարեն անառակ կեանք ու վարք, եւ ինչպէս ճշգրիտ կը նկարագրէ Աւետարանին առակը, նոքա իբր ծառայ եւ ստրուկ խոզարած կը լինին, զեղխ եւ զազիր կենաց մէջ թաւալելով, ոչ միայն կը վատնեն հայրենի ժառանգութիւնը՝ այլ եւ հոգին, մարմին առ հասարակ անարդ ցանկութեան եւ վատթարութեան մատնելով կը կորուսանեն։ Չգիտեմ կա՞ն արդեօք այդ անառակ դասէն ոմանք, որ անառակ որդւոյն օրինակին հետեւելով՝ մտաբերեն հայրենի տուն ու հացալից սեղան եւ որդիութեան ազատ կեանք, յետս դառնան այդ չարավար տղմալից կեանքէն, զգաստանալով գան խոնարհին ծնողաց գթոյն առաջ ու վերստին ստանան իրենց նախնի փառքն ու պատիւ։ Չգիտեմ նաեւ թէ այսպիսի դարձող ու ստրջացող անառակաց համար պիտի գտնուի՞ն այնպիսի վեհանձն ու որդեսէր ծնողք, որ երկնաւոր հօր նմանելով ընդառաջեն եւ ողջագուրելով համբուրեն անառակ զաւակին կորացեալ պարանոցը, թէ աններող խստասրտութեամբ ծնողական սիրոյն եւ գթոյն դուռը փակելով՝ թողուն, որ տարամերժեալ թշուառ զաւակը հայրենի տան դրան առաջ ինկած՝ Ղազարոսին պէս անտէրունչ եւ սովատանջ մեռնի։ Եւ ի՞նչ կնեն յայնժամ փառասէր ու խստասիրտ ծնողք, իսկոյն կը հաշտուին անշշունչ դիակին հետը, մեծ պատուով եւ շքով յուղարկաւորութեան հանդէս կը կազմեն եւ կը թաղեն անառակ որդին իբրեւ մեծատան զաւակ։
Մի՛ կարծեր դու, ընթերցող, թէ այսպիսի եղերական դէպքեր կամ անառակ զաւակներր չկան Հայոց ազգին մէջ, այլ թէ խելամուտ լինիս, մեր ազգային կամ ընտանեկան կեանքին մէջ մտնես ու շրջիս, պիտի տեսնաս շատ կարդացող անառակ որդիները, մանաւանդ Բիւզանդիոնի եւ այլ ծովեգերեայ քաղաքներու մէջ. ուր որ կը կարծենք թէ քաղաքակրթութիւն, դպրոց, ուսումն յառաջ գնացած են: Այո՛, այդ այդպէս է. բայց անդաստիարակ յառաջդիմութիւնը մեր ընտանեկան կեանքը չի բարւոքեր, ինչպէս քսան տարիներէ ի վեր սկսեալ մինչ այսօր թէ փորձով եւ թէ օրինակով մեք կը տեսնամք եւ կը համեմատենք ազդին անցեալն եւ ներկայն:
Դառնանք այժմ բարի զաւակաց ուրիշ պարտիքները յիշեցնել։ Այո՛, բարեժառանգ զաւակները շատ պարտիքները ունին առ ծնողս, թէ ի կենդանութեան եւ թէ մահուան էն յետոյ,