Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/274

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թէ երկրիս վերայ եւ թէ երկնից մէջ, օրհնեալ եւ գովեալ են այն բարեյիշատակ ծնողք, որ այդ սուրբ պարտիքները անթերի կը կատարեն, որոց կեանք եւ վախճանը միշտ բարի կը լինի աշխարհիս վերայ եւ ընտանեկան բարեկեցիկ երջանկութեան մէջ. ինչպէս կը յորդորէ խրատատուն Սողոմոն իւր առակախօսութեամբ. թէ «Պատուեա՛ զհայր եւ մայր, զի բարի լինիցի քեզ», եւ ընդհակառակն հայր եւ մայր անարգոզաց համար նզովք կը կարդայ. «Որ անարգէ զհայր եւ զմայր, բիբք աշաց նորա խաւարեսցին»: Ո՜հ, ո՜րչափ խստութեամբ կը դատի Սողոմոն այն ապաշնորհ զաւակները, որ ծնողական սիրոյն դէմ կապերախտին, որոց հատուցումն անաչառ արդարութեամբ կը վճռէ ինքն, որ այնպիսի չար յիշատակ զաւակները կուրնան, լոյս եւ արեւ չի տեսնան, խաւար աչքով շրջին աշխարհիս վերայ, որպէսզի տեսնան ու սոսկան հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները։

Ուրեմն ո՜վ դուք, որ աշխարհիս վերայ հայր եւ մայր ունիք. ընտանեկան կենաց ու ծնողական գրկարանին մէջ կապրիք. թէ մեծ եւ թէ փոքր, թէ անդրանիկ եւ թէ կրտսեր, թէ քոյր եւ թէ եղբայր, առ հասարակ ձեզ յորդոր խօսելով համառօտեմ ճառիս միտքը եւ ձեր պարտիքները, ուշադիր եղիք: Գիտէ՜ք, ո՜վ են նոքա որ ձեզ կեանք տուին, այս աշխարհ բերին. նոցա անուն հայր եւ մայր կը կոչուի, եւ ձեր ծնողքն են. դուք պարտաւոր էք նոցա, սէրը՝ սիրոյն դէմ փոխարինել, դուք պարտաւոր էք նոցա, կաթին եւ հացին դէմ՝ Յակովբ նահապետին պատրաստած խորտիկը փոխարինել, որպէսզի արմանապէս ժառանգէք Իսահակայ հօր օրհնութիւնը։ Դուք պարտաւոր էք ամենայն ակնածութեամբ խոնարհիլ ձեր ծնողաց առաջ, հնազանդութեամբ լսել, մեծարանօք ընդունիլ այն ամէն հրամանները, որ ձեզ եւ ընտանեկան կենաց համար բարի եւ օգտակար են։ Դուք պարտաւոր էք ողջակիզին փայտ շալկել, անդիմադարձ երթալ մինչեւ Բեթէլին լեռը եւ հոն թողուլ, որ ձեր թեւեր կապուին ինչպէս Սահակ՝ Աբրահամ սուրբ նահապետին առաջ։ Բան մի չիկայ ինչպէս միանգամ յիշեցի առաջ, բայց միայն Աւետարանի բանը կարող է այդ պարտուց պինդ կապը քակել, եթէ Աբրահամ թողու հաւատքը, դառնայ ի Խառան իւր հօր Բաբայի տունը, պաշտէ հայրենի կուռքը. Սահակ խաչը գրկէ մնայ ի Բեթէլ եւ Գողգոթային գլուխ։