Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/275

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Դուք պարտաւոր էք, երբ կը ծերանան եւ կը զառամին ձեր ծնողքը, դուք նոցա որդի մխիթարութեան եւ ցուպ ծերութեան լինիք. ամենայօժար սիրով խնամել, դարմանել եւ երբէք չը տրտմեցուցանել զիրենք։ Դարձուցէք նաեւ ձեր աչքը Քամայ ժպիրհ եւ հայրածանակ օրինակէն, Նոյի պարկեշտ եւ երկիւղած որդւոց պէս ծածկեցէք ձեր ծնողաց առականքը. որ ընտանեկան տան պատիւն է. զգուշացէք, հայր եւ մայր բամբասողները՝ Աստուծոյ եւ մարդկանց առաջ շատ մեղապարտ են։

Դուք պարտաւոր էք դարձեալ, հայրենի տան փառք, ճրագ. տոհմական ազնուականութիւնը նոյն ճոխութեան եւ փառաւորութեան մէջ պահել, եւ ջանալ միշտ շաղարտել երբէք ճշմարիտ ազնուականութեան պատիւը։ Եթէ աշխարհիս բախտը ձեր վիճակ այնպէս հաներ է, որ դուք աղքատ ծնողաց զաւակ լինիք, շատ է թէ նոցա բարոյական առաքինութիւնր ժառանգէք, որ ադամանդէն, ոսկիէն եւ կորստական հարստութենէն աւելի մեծ է։ Գիտցէք նաեւ, այն ազնուականաց զաւակները, որոնք հայրենի տան հարստութիւնը դիւրապէս կը ժառանգեն, այնչափ մեծ ու գովելի չեն. հապա այն իսկ է աւելի փառք եւ պարծանք, որ ձեր ազնուականութիւնը ձեզմէ սկսի. որով դուք իրաւամբ հայրենի տան հիմնադիր ազնուական կը լինիք։ Եւ քանի՞ գորովանաց արժանի են այն վատ, հեղգ եւ անվաստակ զաւակները, զորս կը հրաւիրէ Սողոմոն որ երթան մրջիւնին գործունէութիւն տեսնեն։ Նոքա թէպէտ կը պարծին, թէ իրենք ազնուականաց զաւակներ են, բայց վատթար եւ վատնիչ տնտեսութեամբ վարուելով՝ հայրենի տան ազնուականութիւն իրենցմով կը վերջանայ, կը շիջանի տան պայծառ ճրագը։ Նոքա, որ երբեմն տէր էին՝ ծառայել ստրուկ կը դառնան։ Մուրացկանաբար կը շրջին եւ. մերթ եւս հանգանակութիւն կընէ նոցա համար Եկեղեցին. ծանուցանելով թէ ճոխ հարստութենէ ինկած արժանաւոր եւ թշուառ անձ մի է. կը խնդրէ որ Եկեղեցւոյ մէջ ծածկեն իւր անունը, երբ ինքն հրապարակին մէջ յայտնապէս կը մուրալ։ Դուք մի այնպէս կարծէք թէ հարստութենէ ինկած ամէն դժբախտներն երկնից կամ աշխարհիս պատահարներէն են. ոչ, դոցա մեծ մասին անկումն՝ բուն իրենց վարած անչափաւոր կեանքէն է։

Բաւ կը համարիմ ձեզ համար այսչափ ո՞վ հաւատարիմ զաւակներ, յուշի պահեցէք ինչ որ գրեցի, լիովին հատուցէք ձեր ծնողաց պարտիքները, որքան Աստուած, օրէնք եւ բնական