պերը թողուցեր է արդէն, որք մի մի յատկանիշ էին հայկական հնութեան ու կեանքին։
Բայց հին աշխարհի ընտանեկան խիստ պատկառանաց այս վարմունքը՝ որ ինչպէս գրեցի, զկինն իբրեւ խուլ ու համր էակ մի կը ճնշէ անխօս լռութեան մէջ եւ որ տակաւին կը տիրէ այդ վաղեմի սովորութիւնը՝ նոր քաղաքակիրթ աշխարհին առաջ ոչ ընտանեկան առաքինութիւն կը համարուի եւ ոչ ազգային գովելի յատկութիւն։ Վասն զի աշխարհի եւ ազգերու նոր փոփոխութեանց հետը, գիտութեան եւ ազատութեան հետը, անշուշտ բնական է, որ ընտանեկան կեանքն եւս իւր հին դրութենէն փոփոխի. եւ այս յեղափոխութեան մէջ այր մարդիկ զկին իւր զրկանքէն ազատելով՝ նմա եւս բաժին տուին կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն։ Առաջին անգամ երբ կինը այբ գիրը արտասանեց՝ ինքնին լուծեց իւր համրութիւնը, կինը կարդաց ու ճանչցաւ իւր իրաւունքն, բողոքեց ու հռչակեց աշխարհին առաջ թէ ինքն եւս իւր ընտանեաց մայրն է, պէտք է խօսի եւ այր մարդոց ընկերութեան մէջ հաւասար աթոռ ունենայ։ Կին եթէ իւր ամուսնոյն ազատ ու ճշմարիտ կենակիցն է, արժան է որ նա աշխարհի կեանքը ճանչնայ, մարդկային ընդհանուր ընկերութեան հետ մտերմանայ, խորհիլ գիտնայ, մտածել սովրի, փոքր ի շատէ վերահասու լինի այն ամէն իրաց, ինչ որ մտաւոր ու բանաւոր մարդոյն բնական եւ ազատ իրաւունք կը պահանջեն:
Սակայն մեր գարու պատկառասէր ու պարկեշտ Նահապետներ ու մամիկները երբ նոր աշխարհի հանդէս մտնեն՝ անհնար է, որ չի գայթակղին չարաչար ու մերթ եւս սրտմտելով Վայրանալով տրտունջ չը բառնան, թէ վայ մեզ, ի՞նչ ժամանակի հասանք, ամօթ եւ պատկառանք աշխարհէս վերջացաւ, կին ընտանեկան լռարանէն դուրս ելաւ, կին լեզուն բացաւ ճարտասան դարձաւ, կին քօղն ու լաջակ ձգեց, քօղին տեղը հիւսկէն վարդածաղիկ խոյը դրաւ. կին հրապարակ ելաւ, ընկերութեան մէջ մտաւ, կին հաւասար մեզ հետ պատիւ ստացաւ, նա համարձակ կը խօսի, համարձակ կը վիճի, կը դատի եւ կը պատասխանէ եւայլն։ Մէկ խօսքով՝ անմռունչ կին՝ խօսուն բանադատ դարձաւ. կարդալ գրել սորվելով, լեզուագէտ լինելով, նա կը ճգնի մեզ հետ խորհրդական լինել, աշխարհ կառավարել, օրէնք տալ, Սահմանադրութիւն գոչել։ Թերեւս օր մի այլ եւս