Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/295

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

աւելի յառաջ երթայ ու մեզ հետ հաւասար քուէ տալու իրաւունք խնդրէ. թողու ընտանեկան ամէն հոգն ու կեանք, թողու ամուսնական սէր։ Աւա՛ղ այն ժամանակին, յորում աշխարհիս կարգ եւ օրէնք պիտի խանգարուին. եօթն հազար տարուան վաղեմի ընտանեկան շէնքը քանդուի եւ կնոջ այս անպատշա՝ յառաջդիմութիւնը՝ տանի մղէ զիրենք մինչեւ ծայրայեղ ազատութեան վիճակը։ Ո՞վ այնուհետեւ կարող է զսպել զիրենք. աշխարհիս բոլոր տէրութիւնք եթէ միաբանելով դաշնագրին, միթէ կարո՞ղ են թումբ քաշել նոցա զօրութեան եւ արշաւանաց դէմ. ո՜վ կը տարակուսի այս անկարգ ապագայի վերայ, որոյ ստոյգ նշանները՝ ներկայն իսկ այժմէն ցոյց կուտայ եւ մեք կը հաւատամք Զօրաբաբէլի մեծ վկայութեանն՝ թէ կին զօրաւոր է ու կը տիրէ։ Եթէ կին զօրաւոր էր մինչ ուսմունք չունէր. քանի՞ առաւել պիտի զօրանայ երբ ուսման եւ ազատութեան զէնքով զինուորի։

Կը լսե՞ս, խոհական ընթերցող, մեր դարու նահապետ ծերոց այս նախանձաւոր դատաստանը. չգիտեմ կընդունի՞ս, որ շատ մասերու մէջ իւր ստուգութիւն ունի։ Մեր կեանքի ապագան միշտ ներկայէն կը սկսի եւ ներկան ապագային ծայրայեղութիւնը՝ ծերոց մարգարէութիւն պիտի կատարուի թէ վաղ եւ թէ անագան։ Մի բան կայ միայն, որ սոյն ձախորդ մարգարէութեան երազը դէպ ի բարին կատարել կուտայ եւ այդ բանն է՝ կանանց սեռին ուղիղ եւ պատշաճաւոր դաստիարակութիւնը, զոր հազար դիր կրկեեցի ու դարձեալ կը կրկնեմ։ Բոլոր աշխարհ այսպէս կը դատի. երբ նոր ազատութեան իրաւունքը կիներուն գլխէն վերցուց այն պատկառանաց ճնշող քօղը. պէտք է ճշմարիտ ու պայծառ դաստիարակութեամբ քօղաւորէ նոցա ամօթխած ճակատը, զորով թէ հին մթութեան քօղ ստուեր կածէր. թող լուսոյ քօղով կին իւր աչքը բանայ ու տեսնայ աշխարհին գործերը։ Առանց այս պատսպարող քօղին՝ կնոջ ծայրայեղ անդաստիարակ ազատութիւնը դէպ ի խաւար կը տանի զինքն. եւ երբ կնոջ ոտքը գթի ու սահի՝ ողջ ընտանեկան կեանքը իւր հետ կը կործանէ։ Այո՜, ուղղել պէտք է կնոջ ընթացքը որ այդ վտանգաւոր խորխորատէն յետս կասի։ Անհրաժեշտ հարկ է նորա միտք ու հոգին մշակել եւ ապա թողուլ ազատ, որպէս զի զօրանայ կին եւ իւր կթոտ ոտքով կարողանայ ազա-