տութեան մէջ անսայթաք ու անխոտոր քալել, եւ ճշմարիտ դաստիարակութեան մայրերը լինելով նոր ընտանիք, նոր կեանք կազմեն Հայոց ժողովուրդին։ Երջանիկ օրեր են այն օրերը երբ Հայոց տիկնայք ու կանայք հին պատկառանաց շնորհին հետը՝ նոր դաստիարակութեան լոյսով եւս կը փայլին եւ յայնժամ միայն կարող են իսկապէս նմանիլ Եւրոպիոյ կրթեալ եւ ժրագլուխ կիներուն։ Ապա թէ ոչ, սոսկ արտաքին կեղծ երեւոյթով, քաղաքավարի շարժման կերպերով, պերճ հագուստներու նոր նոր ձեւերով, առանց մայրենի լեզուին քանի մը Ֆրանսերէնի բառերը հնչելով, Հայուն հին պար մոռնաչով՝ նոր պար խաղալով, մեր հայրենի կամ մայրենի անուշակ երգեր թողլով՝ անընտանի դաշնակ զարնելով՝ Հայոց ընտանեկան կեանքը դէպ ի լաւագոյն չի փոխիր, այլ յաւէտ կը վատթարանայ հին ու նոր զեղծմունքները իրար խառնուելով. որով յետին ազատութիւնը՝ թերեւս չար լինի քան զառաջինն, եւ յայնժամ իրաւունք չունի՞ն պատկառասէր ընտանիք նզովք կարդալ նոր աշխարհի ծայրայեղ ազատութեանն եւ դարձեալ բարւոք համարին կինը ընկերական հրապարակէն հանել և անդրէն տանել հին նահապետական վրանին տակ փակել եւ թանձր քօղով ծածկել նորա գլուխ, որ այլ եւս արեւ եւ ազատութիւն չի տեսնայ։
Մոռացէ՛ք այդ, մոռացէ՛ք, ո՛վ դուք գաղթական Հայեր, դուք որ կէս ու կեղծ լուսաւորութեամբ խայտացիք. առանց ընտանեկան դաստիարակութեան՝ աճապարեցիք կինը պատկառանաց համեստ քօղին տակէն հանելով՝ դպրոցին տաճար տարիք զինքն. ինչ որ կնոջ պէտք չէր՝ դուք զայն ուսուցիք, եւ ինչ որ պէտք էր՝ դուք կամ չգիտցաք կամ աւելորդ դատեցիք, միայն աղօտ կիսախաւար լոյս տուիք կնոջ եւ արձակեցիք զինքն։
Կին միանգամ ազատութիւն գտնելով՝ ճամբայ առեր է կերթայ, ուր որ հրապոյր եւ հաճոյք կը վարեն զինքն։ Կինը իր կորստեան ճանապարհ չի նկատեր, կոյր զկուրայն կերթայ եւ իւր ուժով ետեւէն կը քարշէ կը տանի իւր խեղճ կապեալ ամուսինը։ Չկայ բնաւ զօրութիւն մի, որ կնոջ քայլերը յետս կասել տայ. նա պիտի շարունակէ այդ խոտորնակ ճանապարհ, ո՛վ կարող է կրկին անգամ շղթայել նորա ոտքը երբ նա ազատոտթեան իրաւունքը՝ իւր զօրավիգ առած է։ Չգիտեմ ի՞նչ ճար ու դարման կը մտածէք սորա համար, ո՛վ դուք, այր մարդիկ, որ ընտանեաց տէր ու կառավար էք, կը խորհէ՞ք վերստին դնել