յարմար է թէ որ ըսենք ընտանեկան վիճակը այնքան ել եւ էջ ունի, ինչպէս օդաչափ գործիքին աստիճաններն առաւօտէն մինչեւ երեկոյ։
Աշխարհիս տարերքը բնական ու մշտնջենաւոր օրէնքով կը շարժին ու կը փոփոխեն, արդեօք պէ՞տք է համարինք այնպէս թէ մարդոյն ընտանեկան կեանքն եւս նոյն մշտնջենաւոր օրէնքին տակ փակուած է, միայն թէ ուրիշ պայմաններով։ Զոր օրինակ Աստուծոյ պետական հրաման օրինօք վճռեր է, որ մարդ իւր երեսաց քրտինքով իւր հացն ուտէ, ուստի թէ քաղաքացի թէ հողագործ մշակը, եթէ մինն արհեստով եւ միւսն հարօրին մաճով չաշխատին՝ ընտանեկան սեղանէն հաց կը պակսի եւ զաւակները սովալլուկ կը տանջին։ Ուրեմն հացն աշխատողինն է, իսկ հեղգացող մշակին բաժինն է սովամահութիւն։
Իբրեւ ճշմարիտ Քրիստոնեայ եւ անթերահաւատ հաւատացեալ պարտաւոր եմք հաւատալ թէ զաշխարհ կառավարող նախախնամութիւնն՝ իւր անյեղլի օրէնքով մեր վիճակը կը փոփոխէ բարձրութենէ ի խոնարհութիւն, խոնարհութենէ ի բարձրութիւն։ Բայց երկնից արդարութեան ատեանն այդ օրինաց վճռագիրը յայնժամ ի գործ կը դնէ՝ երբ մարդ մեղանչէ նորա բնական օրինաց եւ պատուիրանին դէմ, որով յայտ է թէ, մեր վիճակի փոփոխութիւնը՝ մեր մեղքէն յառաջ կուգայ, եւ մեղքը մեր ազատ կամքէն կը ծնանի։ Եթէ այսպէս է, ուրեմն ընտանեկան չարեաց ու աղէտից նախապատճառը՝ դարձեալ ինքն ընտանիքն է, ինչպէս նաեւ բարեկեցիկ երջանկութեան։
Սակայն աշխարհս եւ ժամանակը միշտ աղէտաբեր օրեր ունին ու կը բերեն ընտանեկան վիճակին վերայ. որ այսօր ճոխ է՝ վաղը կը չքաւորի. որ այսօր երջանիկ է, վաղն ապերջանիկ. որ այսօր բարձրապատիւ է, վաղն անպատիւ եւ արհամարհ։ Եթէ պարզ հայեցողութեամբ նայիմք, այնպէս կը թուի մեզ՝ որ շատ անգամ ընտանեաց վերահաս շարիքները՝ հեռաւոր պատճառներէն կուգան. զոր օրինակ երկնից ցասումներուն անարգել պատուհասներէն, երկրի անարդար կառավարութենէն, արշաւանքներէն, պատերազմներէն, մահտարաժամէն եւ այլ նոյնպիսի կոտորածներէն եւ պատահարներ էն։ Որք առ հասարակ սոսկալի ու կորստեան պատուհասներ են, խոտի նման կը հնձեն ու կսպառնան մարդկային ընկերութեան ընտանիքը, ճոխն