Jump to content

Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/299

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

եւ աղքատն ի միասին եւ անխտրապէս ի գերեզման իջուցանելով։

Յիրաւի շատ ահաւոր ու դժնդակ են այս արտաքին արկածները, բայց առաւել սոսկալի առաւել մահաբեր են ընտանեաց համար ներքին ամենօրեայ սովորական պատուհասները, զոր մարդիկ իրենց ազատ կամքով ու ձեռքով կը պատրաստենք Արտաքին պատուհասները մարդոց ձեռնհասութենէն վեր են, մարդ կարող չէ խոյս տալ կամ դիմակալել նոցա դէմ։ Զի ո՛վ կարող էր Իտալիոյ Վեսուվ լերան հրաբուխի բերան փակեք, որ հռչակաւոր Պոմպէն մոխրով լի ծածկէր. եւ ո՜վ կարող է ամպերուն հրաման տալ, որ բարկաճայթ կարկուտով եւ յորդահոս անձրեւով դիպեր եւ քաղաքներ կողողեն։

Իսկ ներքին պատուհասները այսպէս չեն. այլ մեր ազատկամաց ու հրամանին տակ լինելով՝ մեք կարող եմք դոցա առաջ թումբ քաշել արգելուլ որ մեր տունն եւ ընտանեկան սրրահը չողողեն։ Արտաքին պատուհասն՝ աշխարհիս վրայ միայն մի տեղիս իւր արկածներ կը թափէ, իսկ ներքինը գրեթէ նոր քաղաքակիրթ աշխարհիս մէջ համաշխարհական պատուհաս է, որ Արեւմուտքէն ելնելով դէպի Արեւելք իւր արշաւանքները կը շարունակէ որ իբրեւ համաճարակ ախտ իւր մահատու ցաւ տիրեր է մեր ընտանեաց սրտին մէջ. նոքա այս ծիւրական ախտով տակաւ առ տակաւ կը մաշուին ու չեն զգար։

Սկսինք այժմ պարզապէս բացատրել այս հաճոյական ախտին տեսակներն, առ որ սիրահարած են մեր կարճամիտ ընտանիքը եւ մահ գրելով տարաժամ մեռնին։ Քանի՞ են այդ ներքին ախտերուն ցեղը, ուշ դիր, ես խօսիմ քեզ մի եւ երկու բառով, եւ այս է, զեղխ եւ անբարոյական կեանք, եւ ըստ Սուրբ Գրոց չափազանց ցանկութիւն եւ այլն. որոց այլ եւ այլ ճիւղերը թուեմ քեզ ահաւասիկ։

Ցանկութիւն բազմախորտիկ սեղանոյ եւ գինարբեցութեանը առանց գիտնալոյ ու հաշուելոյ թէ տաշտին մէջ որչափ հաց, մառանին մէջ որչա՞փ պաշար եւ կարասին մէջ ո՞րչափ գինի կայ։ Ցանկութիւն հանդերձի եւ նորասիրութեան, առանց նկատելոյ թէ նորա աշխատութիւն եւ կազմութիւնը մեր երկրի եւ մեր ժողովուրդի աշխատութեան արդիւնքն չէ, մեր հանճարոյ գիւտ չեն եւ մեր մեքենական գործարաններէն ելած չեն, ճշմարիտ խօսելով մեք արժանի չեմք այդ պերճութիւնները